Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալը եւ անոր հետ քննարկեց Լիբանանի կացութիւնը:
Միւֆթի Տրիան գովաբանեց «բանակին եւ անոր իմաստուն ղեկավարութեան դերը` երկրի անվտանգութեան պահպանման մէջ»:
Հանրապետութեան միւֆթին հաստատեց, որ բանակին կողքին կը կանգնի եւ հայրենիքի կայունութեան ու անվտանգութեան պահպանման մէջ անոր կ՛աջակցի:
Միւֆթի Տրիան բարձր գնահատեց լիբանանեան բանակին Իսրայէլի դիմակայման, ինչպէս նաեւ երկրի անվտանգութեան ու կայունութեան պահպանման համար կատարած հերոսութիւնն ու զոհաբերութիւնները: