Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեանը եւ անոր հետ քննարկեց մարմնակրթական հարցեր, ինչպէս նաեւ նախարարութեան մտադրած ձեռնարկներ, որոնք պիտի կատարուին նախարարաց խորհուրդի որոշումով որդեգրուած «Լիբանանի մէջ մարմնակրթութեան շաբթուան» ծիրին մէջ:
Հանդիպումի ընթացքին նաեւ քննարկուեցաւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ապագայ գործունէութիւնը: