Պեն Ղաֆիր. «Կազայի Բնակիչները Արժանի Չեն Ապրելու, Մարդ Չեն, Եւ Իսրայէլ Պէտք Է Ամէն Գիշեր 30-40 Պաղեստինցի Սպաննէ»

Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար Պեն Ղաֆիր յայտնեց. «Իսրայէլ պէտք է Կազայի վրայ իր յարձակումները աւելցնէ, եւ իւրաքանչիւր գիշեր 30-40 պաղեստինցիներ սպաննէ»` աւելցնելով, որ Կազայի բնակիչները «արժանի չեն ապրելու եւ մարդ չեն»:

Պեն Ղաֆիր դարձեալ կոչ ուղղեց` Կազայի մէջ վերաբնակեցման: «Ես ամբողջ Կազան մեր սեփականութիւնը կը նկատեմ, եւ բնակեցումը պէտք չէ 2005 թուականին դատարկուած Ղոշ Քաթիֆով բաւարարուի, այլ պէտք է Կազայի ամբողջ տարածքին վրայ տարածուի»:

Ան նաեւ կոչ ուղղեց` Կազայի բնակիչներուն «արտագաղթը կարելի եղածին չափ քաջալերելու»:

Պեն Ղաֆիր պարծեցաւ իսրայէլեան բանտերուն մէջ պաղեստինցի գերիներու կալանաւորման պայմաններով` ըսելով. «Անոնք մեծապէս կը տառապին», եւ այդ առնչութեամբ իր գոհունակութիւնը յայտնեց:

Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Մարիա Մալմեր Սթեներկարտ իսրայէլացի նախարարի պաղեստինցիները սպաննելու հրահրումը որակեց «քարշելի եւ սարսափելի»:

«Շուէտի կառավարութիւնը ամբողջովին ճիշդ վարուեցաւ Պեն Ղաֆիրի նման իսրայէլացի ծայրայեղական նախարարներու վրայ Եւրոպական Միութեան պատժամիջոցներու հաստատման նախաձեռնութիւնը ստանձնելով», ըսաւ ան:

Leave a Comment