Զինուորական աղբիւր մը սուրիական «Իխպարիէ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, որ իսրայէլեան օդուժը երէկ արշալոյսին Իտլիպի արեւելեան գիւղական շրջանի Ապու Զուհուր զինուորական օդակայանին վրայ 8 յարձակումներ գործեց:
Աղբիւրը ըսած է, թէ յարձակումը օդակայանի ենթակառոյցին նիւթական վնասներ պատճառած է, եւ մարդկային վնասներ չեն արձանագրուած:
Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ, Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Թամ Պարրաք Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքին մէջ տեղի ունեցած օդային յարձակումները վերագրեց Իսրայէլի, եւ զանոնք նկատեց «ոչ անհրաժեշտ մագլցում մը», որ շրջանին մէջ կայունութեան հաստատման ջանքերը կը խոչընդոտէ:
Պարրաք «Էքս»-ի վրայ գրեց. «Չափազանց մտահոգ ենք Ապու Զուհուր զինուորական օդակայանին վրայ հաստատօրէն իսրայէլեան օդային յարձակումներուն նկատմամբ, որոնք ոչ անհրաժեշտ մագլցումներ են, որոնք շրջանային կայունութեան ամրապնդման չեն նպաստեր»:
Ան բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց` «առաջնահերթութիւնը տալու ողջախոհ երկխօսութեան, փոխան յաւելեալ զինուորական միջադէպերու»:
Իսրայէլացի պաշտօնատար մը «Ֆոքս Նիուզ»-ին յայտնեց. «Մենք նախապէս Ուաշինկթընը տեղեակ պահած ենք Սուրիոյ վրայ օդային հարուածներուն վերաբերեալ զգայուն հետախուզական տուեալներէն»:
Նշենք, որ իսրայէլեան յարձակումի ենթարկուած օդակայանը Թուրքիոյ սահմանէն շուրջ 100 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի: