Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ 18 օգոստոսին քննարկուեցաւ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հանրային հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահի թեկնածութեան հարցը:
Ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութիւնը այդ պաշտօնին համար առաջադրած է Լիլիթ Գալստեանը, որ այս առիթով ունեցած իր ելոյթին հիմնական մասը նուիրեց Հայաստանի մէջ մարդու իրաւունքներու պարզած կացութեան` խստօրէն քննադատելով իշխանութիւնները: Ան խօսեցաւ քաղաքական հետապնդումներու, քաղաքական բանտարկեալներու, դատական համակարգի անկախութեան եւ ոստիկանութեան գործողութիւններուն մասին:
Ան դիտել տուաւ, որ Հայաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակը ոչ մէկ աղերս ունի իրաւական ու ժողովրդավարական պետութեան հետ: Իր գնահատականները հիմնաւորելու համար ընդդիմադիր պատգամաւորը վկայակոչեց նաեւ միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու, որոնց կարգին` «Ֆրիտըմ Հաուս»-ի զեկուցումները` պնդելով, որ անոնք եւս կ՛արձանագրեն ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու ոլորտին մէջ առկայ խնդիրները:
Դատական համակարգի անկախութեան մասին խօսելով` Գալստեան անդրադարձաւ Բագրատ արք. Գալստանեանի գործին, որ քաղաքական հակառակորդները լռեցնելու փորձ է: «Քաղաքական հակառակորդները լռեցնելու, հրէշայնացնելու բացայայտ դիտաւորութիւն, կեղծուած հիմքեր, անմեղութեան կանխավարկածի ոտնահարում», յայտարարեց ան:
Պատգամաւորը անդրադարձաւ նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ շուրջ զարգացումներուն` իշխանութիւնները մեղադրելով եկեղեցւոյ գործերուն միջամտելու մէջ: Ան շեշտեց, որ պետութիւնը այս առումով հակասահմանադրական կեցուածք որդեգրած է` փորձելով որոշել, թէ ո՛վ պիտի ղեկավարէ եկեղեցին:
Լ. Գալստեան քաղաքական ճնշումներու ծիրին մէջ յիշատակեց նաեւ նախընտրական շրջանին ընդդիմադիր գործիչներուն նկատմամբ քրէական հետապնդումներն ու կալանաւորումները` տալով Սամուէլ Կարապետեանի, Աւետիք Չալաբեանի, Գագիկ Ծառուկեանի եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Իկոր Սարգսեանի անունները: Ըստ անոր, այս գործընթացները ազդեցութիւն ունեցած են նաեւ ընտրութիւններուն արդիւնքներուն վրայ:
Անդրադառնալով ոստիկանութեան աշխատանքին` «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորը պնդեց, որ համակարգին մէջ կը շարունակէ տիրել «անպատժելիութեան մթնոլորտ»: Ան մատնանշեց, որ մինչեւ 2025 թուական ոչ մէկ ոստիկան պատասխանատուութեան ենթարկուեցաւ խաղաղ ցուցարարներուն նկատմամբ ոչ իրաւաչափ գործողութիւններու, ընդդիմադիր պատգամաւորներուն նկատմամբ բռնութիւններու կամ լուսաձայնային նռնակներու ապօրինի գործածութեան համար:
Ընդդիմադիր թեկնածուն յայտարարեց նաեւ, որ ընտրուելու պարագային յանձնախումբին մէջ իր աշխատանքի առաջնահերթութիւններէն պիտի ըլլայ արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութիւնը: