Փարիզ Սեն Ժերմեն Շահեցաւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Գերբաժակը

Փարիզ Սեն Ժերմեն շահեցաւ 2026-2027 տարեշրջանի առաջին տիտղոսը: Աստղերով հարուստ ֆրանսական ակումբը պարտութեան մատնեց Ասթոն Վիլան:

«Չեմփիընզ լիկ»-ի տիտղոսակիր Փարիզի ակումբը 2-1 արդիւնքով յաղթեց անգլիական ակումբին, որ շահած էր «Եուրոփա լիկ»-ը, Զալցպուրկի մէջ (Աւստրիա), ուր վրացի Քվիչա Քվարացխելիա եւ Տեզիրէ Տուէ նշանակեցին Սեն Ժերմենի կոլերը:

Անգլիական ակումբին միակ կոլը նշանակեց 17 տարեկան Պրայըն Մաճօ, որ միայն քանի մը օր առաջ ստացած էր արտօնագիր` խաղալու անգլիական խումբին եհտ:

Օրուան իրաւարարն էր Սոմալիէն Օմար Արթան, որ եղաւ առաջին ոչ եւրոպացի իրաւարարը, որ կը ղեկավարէ Եւրոպայի գերբաժակի մրցում մը:

Ան նշանակուած էր, մանաւանդ երբ Մոնտիալէն դուրս մնացած էր Միացեալ Նահանգներ մտնելու արտօնագիր չստանալուն համար:

Հակառակ կանուխ կոլ ստանալուն, Ասթոն Վիլա համեմատաբար աւելի լաւ խաղցաւ, եւ Մաճօ 4 առիթներ կորսնցնելէ ետք կրցաւ վոլէով մը նշանակել Վիլայի կոլը: Ան երկու մրցանիշ հաստատեց այս մրցումին: Ան 17 տարեկան 7 ամսու տարիքին եղաւ ամէնէն կրտսեր մարզիկը, որ կը սկսէր գերբաժակի մրցում մը, ինչպէս նաեւ ան դարձաւ ամէնէն փոքր տարիքով կոլ-սքորըրը:

Նշենք, որ Մաճօ ծնած է Անգլիա, բայց ապրած է Լիւքսամպուրկի մէջ եւ յաճախած Մերիսքա Մերշ եւ Ռասինկ Իւնիոն ակադեմիաները, ապա` ֆրանսական Մեձ ակումբը, քանի մը շաբաթ առաջ Ասթոն Վիլային միանալէ առաջ:

Մինչ Փարիզ Սեն Ժերմեն դաշտ ներկայացուց իր բոլոր աստղերը, Ասթոն Վիլայի մարզիչ Ունայ Էմերի հանգիստ պահեց Մոնտիալին մասնակցող մարզիկները, ինչպէս` Էզրի Քոնսան, Օլի Ուաթքինզը եւ Էմիլիանօ Մարթինեսը, մինչ Եոհան Մանզամպի վիրաւոր էր:

 

 

Leave a Comment