«Միջազգային Դաշինքի Առաքելութեան Աւարտի 30 Սեպտեմբերի Ժամկէտը Վերջնական Է» Կ՛ըսէ Իրաքի Վարչապետը

Իրաքի վարչապետ Ալի Զէյտի յայտնեց, որ Միջազգային դաշինքի Իրաքի մէջ առաքելութեան 30 սեպտեմբերին աւարտը «վերջնական եւ անդառնալի ժամկէտ է»` շեշտելով բարձրագոյն մակարդակի ապահովական ծրագիրներու գործադրութիւնը, ներքին կայունութեան աջակցութիւնն ու ազգային գերիշխանութեան երաշխաւորումը:

Իրաքի վարչապետի տեղեկատուական գրասենեակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ ան այս մասին յայտնած է ազգային անվտանգութեան նախարարաց խորհուրդի ժողովի ընթացքին, որ յատկացուած է ներքին եւ շրջանային թղթածրարներու քննարկման:

Ժողովը քննարկած է շրջանային կացութեան ընթացքն ու զարգացումները` ընդգծելով իրաքեան գերագոյն շահերու պաշտպանութեան քայլերու որդեգրման եւ հանդարտեցման ու կայունութեան հիմքերը ամրապնդելու կարեւորութիւնը:

Զէյտի ընդգծած է Իրաքի մէջ օրէնքի իշխանութեան ամրապնդման, ապահովական ու զինուորական հաստատութիւններու զարգացման եւ տնտեսական ու ընկերային կայունութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը, ինչ որ կ՛երաշխաւորէ պետութեան վարկի պահպանումը եւ քաղաքացիի պետական հաստատութիւններուն նկատմամբ վստահութեան ամրապնդումը:

Leave a Comment