Արաղչի. «Ֆրանսայի Նման Երկիրները Պէտք Է Դադրին Աշխարհին Մարդու Իրաւունքներու Վերաբերեալ Դասեր Տալէ»

Ֆրանսայի նման երկիրները պէտք է դադրին մարդու իրաւունքներուն վերաբերեալ աշխարհին դասեր տալէ: Այս մասին «Էքս»-ի իր էջին վրայ գրած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի:

«Ֆրանսայի նման երկիրները պէտք է դադրին աշխարհին «մարդու իրաւունքներու» եւ միջազգային օրէնքի վերաբերեալ դասեր տալէ: Երկակի չափանիշերը ակնյայտ են եւ ամօթալի:

«Կազայի մէջ Իսրայէլի ցեղասպանութեան եւ Իրանի վրայ յարձակումին ձեր աջակցութիւնը կործանեց որեւէ բարոյական առաւելութիւն, որ կը կարծէիք, թէ ունիք», գրած է Արաղչի:

Իրանեան դիւանագիտութեան պետը «Էքս»-ի իր էջին վրայ այլ գրառում մը կատարելով յայտնեց. «Միացեալ Նահանգները երկար ժամանակ սխալ հաշուարկներ կատարած են հետախուզական ձախողութիւններու պատճառով: Ատոր վառ օրինակը` Իրանի դէմ պատերազմը: Հիմա ալ` աւելի մեծ սխալ հաշուարկ Հորմուզի նեղուցին վերաբերեալ: Կեղծ նորութիւններէն աւելի վատը կեղծ հետախուզութիւնն է: Զգուշ եղէ՛ք»:

 

Leave a Comment