Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին այցելեց Ճափոնի եւ Ռուսիոյ միջեւ վիճելի տարածք եղող Քուրիլեան կղզիներէն Իթուրուփ կղզի:
Քուրիլեան կղզիներուն բռնագրաւումը Ռուսիոյ եւ Ճափոնի միջեւ Համաշխարհային Բ. պատերազմի աւարտէն ետք խաղաղութեան պաշտօնական համաձայնութիւն չկնքելնուն գլխաւոր խոչընդոտն է:
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը յայտնեց, որ ասիկա Փութինի Քուրիլեան կղզիներ առաջին անձնական այցելութիւնն է:
Ճափոնի արտաքին գործոց նախարար Թուշիմիցու Մոթիկի յայտնեց, որ Ճափոնը «բուռն կերպով կը բողոքէ» Ռուսիոյ նախագահին Քուրիլեան կղզիներ այցելութեան դէմ` նշելով, որ անոնք «պատմականօրէն եւ միջազգային օրէնքի հիմամբ ճափոնական հողերու անբաժանելի մասն են, եւ ճափոնական կառավարութիւնը այս այցելութեան դէմ բուռն կերպով կը բողոքէ»:
Ճափոնի վարչապետ Սանայէ Թաքայիշի դատապարտեց Փութինի այցելութիւնը եւ զայն նկատեց «անընդունելի»:
Ճափոնի իշխանութիւնները իրենց մօտ կանչեցին Ռուսիոյ դեսպանը` այցելութեան դէմ բողոքելու համար: