Իսրայէլի նախկին վարչապետ Նաֆթալի Պենեթ Համասի վերականգնման մասին լրատուութիւնները մեկնաբանելով նշեց. «7 հոկտեմբերի կառավարութիւնը պատրանքէն չսթափեցաւ: Քաթար Կազան կը ղեկավարէ, եւ Համաս կը շարունակէ զօրանալ»:
Պենեթ նշեց, որ Իսրայէլի յաջորդ կառավարութիւնը Քաթարը թշնամի պետութիւն պիտի յայտարարէ եւ զայն Կազայէն վտարէ:
«Դեղին գիծէն ոչ իսկ մէկ միլլիմեթր պիտի նահանջենք, մինչեւ Համասի ամբողջական կազմաքանդումը», շեշտեց ան: