Համաս Պիտի Մասնակցի Պաղեստինեան Ընտրութիւններուն

Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի անդամ Հուսամ Պատրան «Աքսա» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց, որ շարժումը «ազգային կարելի եղածին չափ լայն դաշինքի մը ծիրին մէջ» պիտի մասնակցի պաղեստինեան ընտրութիւններուն:

Պատրան ըսաւ. «Ոչ ոք իրաւունք ունի մասնակցութեան համար պայմաններ ճշդելու կամ կողմերուն իր սեփական ծրագիրը պարտադրելու»` նշելով, որ Համասն ու պաղեստինեան խմբաւորումներու եւ ընտրական պլոքներու մեծամասնութիւնը կը մերժեն այդ սկզբունքը:

Ան աւելցուց, որ ընտրական յանձնախումբերուն ու պաղեստինեան արդարադատութեան ցուցմունք տրուած է երաշխաւորելու «իր քաղաքական ծրագիրը ընտրելու ժողովուրդին ազատութիւնը»:

Համասի քաղաքական գրասենեակի անդամը ընտրութիւնները նկատեց «պատմական առիթ մը պաղեստինեան իրավիճակին մէջ փոփոխութիւն կատարելու եւ վերջ տալու երկու տասնամեակներէ ի վեր ազգային որոշումի միահեծան կայացման վիճակին»:

Leave a Comment