«Չեմփիընզ Լիկ». Արարատ Արմենիա Չկրցաւ Հասնիլ Փլէյ-Օֆի Մրցումներուն

«Չեմփիընզ լիկ»-ի 2026-2027 տարեշրջանի զտումի 3-րդ հանգրուանի դարձի իր մրցումին, Հայաստանի ախոյեան Արարատ Արմենիա Սլովենիոյ ախոյեան Ցելիէի դաշտին վրայ 2-0 արդիւնքով պարտուեցաւ եւ դուրս մնաց:

Մրցումին գրեթէ ամբողջ ընթացքին կոլեր չնշանակուեցան, Արարատ աւելի զգուշաւոր կը խաղար մանաւանդ Բ. կիսախաղին: Ամէն ինչ լաւ կ՛ընթանար մինչեւ 83-րդ վայրկեանը, երբ Եայա Տուքուլի բացաւ մրցումին հաշիւը, իսկ 2 վայրկեան ետք Պենիամին Վերպիչ աւելցուց 2-րդ կոլը` խաղերու ընդհանուր հաշուով 3-2 արդիւնքով առաւելութիւն ունենալով: Երթին 2-1 արդիւնքով յաղթած Արարատ պէտք էր մէկ կոլի տարբերութեամբ պարտուէր` յոյսով, որ փենալթիներով անցնէր:

Այս պարտութենէն ետք Արարատ Արմենիա դուրս մնաց «Չեմփիընզ լիկ»-էն եւ այժմ իր մրցումները պիտի շարունակէ «Եուրոփա լիկ»-ին մէջ: Յատկանշական է, որ Արարատ Արմենիա երրորդ անգամ ըլլալով կը հասնի «Եուրոփա լիկ»-ի փլէյ-օֆ:

Leave a Comment