Արթուր Ղարիբեան` Պատմական Մարզիկներու Ճամբուն Վրայ…

Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան երրորդ շաբթուան մրցումներուն, ախոյեան Զենիթ Ս. Փեթերպուրկի մէջ հիւրընկալեց «Փրեմիեր լիկ»-ի նոր խումբերէն Մոսկուայի Ռոտինան եւ կրեց անսպասելի պարտութիւն մը:

23-րդ վայրկեանին մրցումին հաշիւը բացաւ Զենիթի ռուս յառաջապահ Մաքսիմ Կլուշենքով:

Հիւրերու կազմէն 20 տարեկան յառաջապահ Արթուր Ղարիբեան 46-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացաւ եւ երկու կոլ նշանակեց 59-րդ եւ 65-րդ վայրկեաններուն:

Հայաստանի երիտասարդներու (21 տարեկանէն վար) ազգային խումբի անդամին շնորհիւ Ռոտինա իր առաջին 3 կէտերը շահեցաւ այս տարեշրջանին, 2 յաջորդական պարտութիւններէ ետք:

«Մենք արժանի էինք այս յաղթանակին: Շատ աշխատեցանք եւ դժուարութիւնները յաղթահարեցինք: Մեծ ճնշում կար երկու պարտութիւններէն ետք, բայց Ռուսիոյ բաժակի մրցաշարքին յաղթեցինք Ռուպինին եւ այժմ` Զենիթին: Դէպի յաջորդ մրցում պէտք է կեդրոնանանք: Կիսախաղին հանդերձարանին մէջ լսեցինք, որ 1-0 արդիւնքը վերջնական չէ եւ կրնանք վերադառնալ: Զենիթին յաղթելէ աւելի լաւ բան չէր կրնար ըլլալ», ըսաւ Ղարիբեան: Նշենք, որ Ռոտինայի մարզիչն է սպանացի Խուան Տիաս Քինթա:

Ղարիբեանի համար այս կոլերը անոր առաջինն էին Ռուսիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ին մէջ եւ միացաւ պատմական ցուցակին հայ ֆութպոլիստներու, որոնք առնուազն երկու կոլ նշանակած են Զենիթի բերդին մէջ մէկ մրցումի ընթացքին:

28 հոկտեմբեր 1973-ին Էդուարտ Մարգարով (Արարատ Երեւան) երկու կոլ նշանակած էր Զենիթի բերդին մէջ, «Հրազդան» մարզադաշտին վրայ, ուր Արարատ 3-2 արդիւնքով յաղթած էր Զենիթին: Այդ արդիւնքով Երեւանի Արարատը պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով դարձաւ Խորհրդային Միութեան ախոյեան: Նոյն տարին Արարատ նուաճեց նաեւ Խորհրդային Միութեան բաժակը` իրագործելով ոսկի տուպլէ մը:

10 նոյեմբեր 2013-ին Եուրա Մովսիսեան (Սպարտակ Մոսկուա) Ռուսիոյ ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանին Զենիթի դէմ առաջին կիսախաղին երկու կոլ նշանակեց, եւ Բ. կիսախաղին կոլ մը եւս աւելցուց` հեթ-թրիք մը իրագործելով: Սպարտակ 4-2 արդիւնքով յաղթեց Զենիթին:

Այժմ պաշտօնական մրցաշարքերու գծով Զենիթի դէմ 2 կամ աւելի կոլեր նշանակողներու ցանկին անցաւ Ղարիբեան:

Նոյն ձեւի յաջողութեան հասած է նաեւ Հենրիխ Մխիթարեան, որ 22 յունուար 2013-ին Շախտիոր Տոնեցքի հետ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ ձմեռնային հաւաքի ընթացքին Զենիթի դէմ 2 կոլ նշանակած էր, այդ մրցումին Շախտիոր 3-2 արդիւնքով յաղթած էր Զենիթին` փորձ-մրցումի ընթացքին:

Leave a Comment