Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան մասնակցեցաւ Իսլամական սկաուտական միութեան Ռուէյսեթ Սոֆարի մէջ 1934-ին հաստատուած ամառնային մնայուն բանակավայրի ադամանդէ յոբելեանի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու եւ անձնաւորութիւններու մասնակցութեամբ տօնակատարութեան` իբրեւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի ներկայացուցիչ:
Սոյն տօնակատարութիւնը եկաւ ընդգծելու սկաուտական շարժման կարեւոր դերը կարգապահութեան, կամաւորականութեան, պատասխանատուութեան եւ համայնքային ծառայութեան արժէքներու սերմանման գործին մէջ, ինչպէս նաեւ անոր ներդրումը զարգացման գործին մէջ ներգրաւուած ու գործօն երիտասարդութեան, որ նշանակալի դեր կը խաղայ իր երկրին մէջ: