Պարրօ Բարձր Գնահատեց Մահապատիժը Ջնջելու Լիբանանի Խորհրդարանի «Պատմական Եւ Յանդուգն» Որոշումը

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոել Պարրօ բարձր գնահատեց մահապատիժը ջնջելու Լիբանանի խորհրդարանի «պատմական եւ յանդուգն» որոշումը` ընդգծելով, որ Լիբանան այդպիսով դարձաւ «Միջին Արեւելքի մէջ առաջին պետութիւնը, որ մահապատիժը կը ջնջէ»:

Պարրօ «Էքս»-ի վրայ գրեց. «Այս քուէարկութիւնը ապացուցեց, թէ Լիբանան, հակառակ իր դիմագրաւած դժուարութիւններուն, տակաւին կը պահպանէ շրջանին մէջ իր ուրոյն ձայնը եւ կը մնայ օրինակելի` ամրապնդելու ժողովրդավարական արժէքներն ու ազատութիւնները, որոնք անոր գոյութեան էութիւնը կը կազմեն»:

«Մէկ ամիս առաջ Փարիզի մէջ մահապատիժի դէմ պայքարի 9-րդ համաշխարհային խորհրդաժողովի ընթացքին մեր տուած խոստումը այս էր, եւ այսօր զայն յարգեցինք», նշեց ան:

«Հակառակ այն իրողութեան, որ խաղաղութեան ու բարեկարգումներու ուղին տակաւին երկար է, Լիբանան ու լիբանանցի ժողովուրդը կրնան Ֆրանսայի հաստատ ու անսասան աջակցութեան վստահիլ», եզրափակեց ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը:

 

 

Leave a Comment