Վաղը Եւ Միւս Օր Խորհրդարանի Լիագումար Նիստ

Խորհրդարանի դիւանը Այն Թինէի մէջ գումարեց նիստ մը` նախագահութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ մասնակցութեամբ փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապի եւ դիւանի անդամներ երեսփոխան Հատի Ապու Հասանի, երեսփոխան Ալեն Աունի, երեսփոխան Միշէլ Մուսայի, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի, երեսփոխան Քարիմ Քապպարայի եւ խորհրդարանի քարտուղար Ատնան Տահերի:

Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ ժողովէն ետք յայտնեց, որ քննարկուած է խորհրդարանի երեքշաբթի եւ չորեքշաբթի օր նախատեսուած լիագումար նիստի օրակարգը, որուն առաջին կէտը Լիբանանի մէջ մահապատիժի ջնջման օրինագիծն է, որուն պիտի յաջորդէ տեղեկատուութեան օրինագիծը, որմէ անմիջապէս ետք` համաներման օրինագիծը եւ այլ օրինագիծեր, որոնց շարքին` դրամատուներու վերադասաւորման օրէնքի բարեկարգումներու օրինագիծը:

Պատասխանելով համաներման օրինագիծի հարցին պարագային ժողովի օրինաթիւը  չքացնելու կարելիութեան վերաբերեալ հարցումի մը` ան ըսաւ. «Համաներման օրինագիծը օրակարգի երրորդ կէտն է, եւ կը յուսամ, որ օրինաթիւի չքացման չի դիմուիր, որովհետեւ անկեղծօրէն բանտերուն մէջ կան անիրաւուած անձեր, որոնք պէտք էր Ատհայի տօնին բանտերէն դուրս եկած ըլլային: Ամէն անգամ անոր վրայ յաւելումներ կ՛ըլլային, եւ անոնց նպատակը օրինագիծի որդեգրման խոչընդոտումն էր:

«Այսօր կայ համաներման մասին օրէնքը որդեգրելու վճռականութիւն: Հիմա, կրնա՞նք բաւարարել այս առաջարկին վերաբերեալ բոլոր կողմերէն ստացուած բոլոր պահանջները: Եթէ այո՛, ապա թող այդպէս ըլլայ: Եթէ անիկա 95 առ հարիւրով ընդունելի ըլլայ, ապա թող այդպէս ըլլայ:

«Պէտք չէ մոռնանք, որ կան կողմեր, որոնք խորհրդարանին մէջ ձայն չունին: Ինչպէս թերեւս կը յիշէք, բանակը վերջին անգամ իր նահատակներուն անունով իր տեսակէտը չյայտնեց: Մենք անոնց ձայնն ենք, եւ միեւնոյն ժամանակ անոնք ունին պահանջներ, որոնք չենք կրնար կատարել: Բայց եւ այնպէս պէտք է ապահովել այն, ինչ որ օրէնքին մէջ ընդհանուր է: Պէտք է հաւասարակշռութիւն ձեռք բերուի: Յոյսով եմ, որ յաջորդ նիստը համաներման օրէնքի որդեգրման համար վերջինը պիտի ըլլայ», նշեց խորհրդարանի փոխնախագահը:

 

Leave a Comment