Էրտողան. «Հասարակաց Պաշտպանութեան Համաձայնութիւնը Որեւէ Պետութեան Դէմ Չէ Ուղղուած»

Թուրքիոյ կառավարութիւնը շեշտեց, որ ուրբաթ, 7 օգոստոսին Սէուտական Արաբիոյ եւ Փաքիստանի հետ կնքուած պաշտպանական համաձայնագիրը Անգարայի ՕԹԱՆ-ի նկատմամբ յանձնառութիւններուն «չի հակասեր»` նշելով. «Ընդհակառակն` լրացուցիչ համագործակցութեան մեքանիզմ մըն է, որ պիտի աջակցի շրջանային անվտանգութեան»:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր կարգին յայտնեց. «Փաքիստանի եւ Սէուտական Արաբիոյ հետ հասարակաց պաշտպանութեան համաձայնութիւնը կ՛ամրապնդէ ապահովական ու պաշտպանական համագործակցութիւնը եւ ռազմարդիւնաբերութեան արդիականացումը»:

«Հասարակաց պաշտպանութեան համաձայնութիւնը որեւէ պետութեան դէմ չէ ուղղուած եւ բաց է մասնակցութեան այնպիսի պետութիւններու, որոնց նպատակը մեր շրջանին մէջ կայունութեան հաստատումն է», ըսաւ ան:

«Թուրքիան վճռակամօրէն պիտի շարունակէ հակամարտութիւններն ու տագնապները միջազգային օրէնքի յարգման վրայ հիմնուած երկխօսութեան ու դիւանագիտութեան ճամբով լուծելու իր գործելաոճը», նշեց Էրտողան` աւելցնելով. «Համաձայնութիւնը կը վերահաստատէ ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը, ինչպէս որ նշուած է ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան մէջ»:

Իրանի խորհրդարանի ազգային անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան յանձնախումբի բանբեր Իպրահիմ Ռիտայի յայտնեց. «Սէուտցիները պէտք է իմանան, թէ Թուրքիոյ եւ Փաքիստանի հետ թուղթէ համաձայնագիրը իրենց անվտանգութիւն պիտի չբերէ: Թուրքիոյ եւ Փաքիստանի հետ համաձայնութիւնը Սէուտական Արաբիոյ անվտանգութիւն պիտի ապահովէ, ճիշդ ինչպէս Ամերիկայէն միակողմանի կախեալութեան տարիները զայն չապահովեցին… ձեր քաղաքականութիւնը սրբագրեցէ՛ք, որպէսզի ուրիշներէն անվտանգութիւն խնդրելու չստիպուիք»:

 

Leave a Comment