Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կը Մերժէ Խաղաղութեան Խորհուրդի Ծրագիրը Եւ Կազայէն Պիտի Չհեռանայ Մինչեւ Համասի Իսկական Զինաթափումը»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իր կառավարութեան շաբաթական հերթական նիստին ընթացքին տեսագրուած խօսքի մը ընթացքին յայտարարեց. «Իսրայէլ կը մերժէ Կազայի Խաղաղութեան խորհուրդին հրապարակած 15 կէտերէ բաղկացած փաստաթուղթը»` աւելցնելով. «Համասի զինաթափումէն առաջ որեւէ հեռացում տեղի պիտի չունենայ»:

Ան շեշտեց, որ զինաթափումը կը ներառէ «բոլոր զէնքերը` ծանր եւ թեթեւ զէնքերը»` աւելցնելով, որ խօսքը «իսկական զինաթափման մասին է եւ ոչ թէ ձեւական»:

Իսրայէլի վարչապետը նաեւ շեշտեց, թէ այնքան ատեն, որ ինք վարչապետ է, ո՛չ Կազայի մէջ, ո՛չ ալ Այսրյորդանանի մէջ պաղեստինեան պետութիւն պիտի ստեղծուի:

Նեթանիահու յայտնեց, որ ինք ամերիկացիներուն հետ Խաղաղութեան խորհուրդի ծրագիրին շուրջ կը բանակցի` նշելով, որ Ուաշինկթըն այդ առնչութեամբ ունի գաղափարներ, որոնց մէկ մասը «մեզի համար ընդունելի է, իսկ միւս մասը` ոչ»:

Ան բարձր գնահատեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփն ու Միացեալ Նահանգներու հետ Իրանի հիւլէական զէնք ձեռք ձգելու փորձերուն դէմ գործընկերութիւնը, սակայն ընդգծեց, թէ գիտէ ինչպէս իր դիրքորոշումներուն կառչիլ, անհրաժեշտութեան պարագային նոյնիսկ լաւագոյն բարեկամներուն դէմ:

Իսրայէլի վարչապետը յայտնեց, որ իր երկիրը վերջին օրերուն ուժեղ կերպով գործած է Լիբանանի մէջ եւ զինեալներ սպաննած,  ներառեալ Ալի Թահեր բարձունքին վրայ` աւելցնելով. «Չեմ կրնար ատոր վերաբերեալ մանրամասնութիւններ տալ: Մենք չափազանց կարեւոր գործողութիւն գործադրելու ընթացքի մէջ ենք»:

«Զգուշութեամբ ու ողջախոհութեամբ կը գործենք: Վճռականութեամբ ու իմաստութեամբ, իսրայէլեան բանակին հետ գործակցաբար, եւ սպառնալիքներու վերացման վրայ կ՛աշխատինք», ըսաւ ան:

Նեթանիահու վերահաստատեց, որ համաձայնութիւն գոյանայ, թէ ոչ Իրան հիւլէական զէնք պիտի չունենայ, այնքան ատեն որ ինք վարչապետ է:

Ան ըսաւ, որ Իրան շաբաթներէ ի վեր Իսրայէլի վրայ յարձակում չէ գործած, «որովհետեւ գիտէ տարողութիւնը այն ուժեղ հարուածին, որ պիտի ստանայ, եթէ այդ մէկը կատարէ»:

Յիշեցնենք, որ Թրամփի կազմած Խաղաղութեան խորհուրդը յուլիսին հրապարակեց Կազայի մէջ պատերազմի դադրեցման համաձայնութեան գործադրութիւնը շարունակելու ճամբու քարտէս մը, որ այլ թղթածրարներու կողքին Համասի զինաթափում եւ Իսրայէլի ամբողջական հեռացում կը պարունակէ:

Պաղեստինեան Համաս շարժումը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Տակաւին յանձնառու ենք այն ճամբու քարտէսին, որուն շուրջ 10 օր առաջ Գահիրէի մէջ միջնորդներուն եւ Խաղաղութեան խորհուրդի ներկայացուցիչներուն հետ համաձայնութիւն գոյացաւ»:

Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի բանբեր Պասեմ Նայիմ ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Միջնորդներէն ու երաշխաւոր ամերիկացիէն կը սպասենք Նեթանիահուի եւ անոր կառավարութեան վրայ ճնշում բանեցնել` պարտադրելու համար, որ յարգէ ճամբու քարտէսը, հոլովոյթը քաղաքական ու ընտրական պատճառներով չխանգարէ եւ շրջանին կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը չխաթարէ»:

«Իսրայէլեան խանգարման քաղաքականութիւնը ամբողջ շրջանին մէջ կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը կը հարուածէ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Մենք յանձնառու ենք ճամբու քարտէսին, որուն շուրջ 10 օր առաջ Գահիրէի մէջ միջնորդներուն եւ Խաղաղութեան խորհուրդի ներկայացուցիչներուն հետ համաձայնութիւն գոյացաւ»:

 

Leave a Comment