Զ. Գ. Ղ.
Այնճարի Ղարիպեաններու «Հիւղը» բնակարանի բակին մէջ մեծարենցեան մշակութային երկրորդ ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 26 յուլիս 2026-ին, ան նուիրուած էր գրագէտ Երուանդ Օտեանին:
Օրուան դասախօսն էր Յակոբ Այնթապլեան, որ Այնճարի մէջ անցեալին ուսուցչութեան պաշտօն վարած է ու այս բեմէն չորս անգամ դասախօսութիւն տուած` «Յովհաննէս Շիրազ», «Աւետիք Իսահակեան», «Լեռ Կամսար», «Եդուարդ Պօյաճեան» նիւթերով:
Յակոբ Այնթէպլեան իր դասախօսութեան սկսաւ Երուանդ Օտեանի կենսագրական գիծերը թուելով:
Ան ըսաւ, որ Երուանդ Օտեան ծնած է Պոլիս, սակայն 1896-ին համիտեան հայկական ջարդերու պատճառով ընտանեօք հեռացած է Պոլիսէն եւ տասներկու տարի թափառական կեանք անցուցած է զանազան երկիրներ գաղթելով: 1908-ին կը վերադառնայ Պոլիս մինչեւ 1915: Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն մազապուրծ կը փրկուի եւ դարձեալ կը շարունակէ իր թափառական կեանքը միջերկրականեան երկիրներ` Սուրիա, Լիբանան եւ յատկապէս Եգիպտոս:
Այնթէպլեան դիտել տուաւ, որ Երուանդ Օտեան ընդհանրապէս ինքնաշխատութեամբ զարգացուցած ու գիտելիքներ ամբարած է, այդ օրերուն յաջողած է դառնալ իր ժամանակին շունչը, գրականութեան գլխաւոր ներկայացուցիչներէն մէկը:
Խորքին մէջ ան մեր գրականութեան մէջ գլխաւորաբար կը ներկայանար իբրեւ վիպագիր, նաեւ` իբրեւ երգիծագիր, սակայն երկրորդն է, որ զինք կը դարձնէ տաղանդաւոր, յատկապէս` իր գլուխ գործոց «Փանջունի»-ով:
Յակոբ Այնթապլեան անդրադառնալով Օտեանի վիպական գործերուն, ինչպէս` «Թաղականին կինը», «Միջնորդ տէր պապան», «Ընտանիք, պատիւ, բարոյական», նկատել տուաւ, թէ ինչպէ՛ս վիպագիրը յաջողած է մտնել հերոսներու հոգիներուն խորերը` վերլուծելով զանոնք գրական պարզ, դիւրամատչելի եւ սահուն ոճով, ընթերցողներուն ներկայացնելով այդ բոլորը իբրեւ կեանքի իրական պատկերներ:
Գրական հերոսները գլխաւորաբար եղած են` վաշխառու վաճառականներ, յեղափոխական կեղծ գործիչներ, անգլուխ մտաւորականներ եւ ընդհանրապէս ընչաքաղց ղեկավարներ:
Օրուան դասախօսը շեշտը դրաւ, սակայն, երգիծագիր Երուանդ Օտեանի տաղանդին վրայ` յատկապէս ներկայացնելով «Փանջունին», որ հայ գրականութեան պատմութեան մէջ իր իւրայատուկ դրոշմը ձգած է`
«Առաքելութիւն մը ի Ծապըլվար»
«Փանջունի Վասպուրականի մէջ»
«Փանջունի տարագրութեան մէջ»:
Ան լուսարձակի տակ առաւ այն իրողութիւնը, որ Երուանդ Օտեան սուր աչքերով նկատած է` իր ժամանակաշրջանի հասարակութեան կեանքին մէջ դերակատարութիւն ունեցող անձերու շահադիտական մօտեցումները, ընտանեկան ողբերգութիւնները, բարոյական սայթաքումները, մարդոց դրամապաշտութիւնը, փառասիրութիւնն ու կեղծիքը:
Հեղինակին երգիծական գործերը` «Յեղափոխական մակաբոյծներ», «Վաճառականի մը նամակները կամ կատարեալ մարդ ըլլալու արուեստը», «Պատերազմ եւ խաղաղութիւն կամ ընտանեկան նամականի», լաւագոյնս կ՛արտացոլացնեն ժամանակի կեանքը այնպէս, ինչպէս որ էր, յատկապէս` Պոլսոյ եւ գաւառներու մէջ:
Յակոբ Այնթէպլեան ըսաւ, որ Երուանդ Օտեանի «Փանջունին», սակայն, մեր գրականութեան մէջ կ՛ունենայ իր իւրայատուկ տեղը, հակառակ անոր որ «Փանջունին» բոլորովին երեւակայական տիպար մըն էր, բայց ամէն մարդ ինքզինք, իր բարեկամը կամ դրացին կը տեսնէ այդ կերպարին մէջ:
Օտեան, ինչպէս ինք կը վկայէ, տիպարները քաղած է անձամբ իր ճանչցած մարդոց դիմագիծներէն:
Անմահ է «Ընկեր Փանջունիի» տիպարը: Արդարեւ, ցեղայատուկ հարազատ գիծեր ունենալով հանդերձ, իր շատ մը կողմերով կը պատկանի համաշխարհային մեծ ընտանիքին, ինչպէս` սպանացի «Տոն Քիշօթը», անգլիացի «Փիքուիքը» եւ ֆրանսացի «Թարթարենը»: Ցնորաստեղծ երեւակայութիւն, փառասիրութիւն, իրականութեանց զգացողութեան չգոյութիւն եւ փորձանքներէ խուսափելու խրատներու անընդունակութիւն: Ահա գլխաւոր յատկանիշները` բոլոր ազգերու մէջ ներկայ այս տիպարներուն, եզրափակեց դասախօսը:
Դասախօսութեան աւարտին կարդացուեցաւ հատուած մը «Փանջունիի» գործունէութենէն, որ մեծ տպաւորութիւն ու յաւելեալ հետաքրքրութիւն ստեղծեց Երուանդ Օտեանի գրականութեան շուրջ:

