Հռոմի բանակցութիւնները ներառած են քանի մը ուղղութիւն` քաղաքական, ռազմական եւ սահմանային-իրաւական: Եթէ առաջինը ընդհանրապէս երկու երկիրներու միջեւ գոյութիւն ունեցող խնդիրներու լուծման շատ ընդհանուր տարազին տակ, հեռահար նպատակ ունի յարաբերութիւններու հաստատումը, ապա երկրորդը կը կեդրոնանայ հրադադարի, բայց մանաւանդ զինաթափում-բռնագրաւեալ ուժերու հեռացում առանցքին վրայ: Իսկ երրորդը սկզբունքով պիտի յատկացուի ցամաքային սահմանազատման օրակարգին: Սակայն կողմնակի աղբիւրներ արդէն կը խօսին ծովային սահմանազատման վերանայման անհրաժեշտութեան մասին:
Յայտնենք, որ սկզբունքով ծովայինը, ամերիկեան միջնորդութեամբ երկարատեւ բանակցութիւններէ ետք յանգած էր համաձայնութեան: Իսրայէլ պաշտօնապէս չթաքցուց իր առաջադրանքը չեղեալ նկատելու այդ համաձայնութիւնը: Այլ խօսքով` աւելին առնելու նպատակը յստակ էր, ընդծովեայ ուժանիւթային աղբիւրներու յաւելեալ տարածքներ ձեռք ձգելու համար:
Հիմա գանք ռազմական ուղղութեան եւ նկատենք Իսրայէլի անհամաձայնութիւնը փորձառական շրջանի ստուգման յանձնախումբի բաղադրութեան շուրջ: Կան մերժելի երկիրներ` Ֆրանսա, Իտալիա եւ Սպանիա: Կիսապաշտօնական աղբիւրներ յայտնած են արդէն Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչին բացառումը այս յանձնախումբին մէջ: Այս բացառումը կը թուի, որ շղարշային է` պայմանաւորուած հետեւեալ հանգամանքներով:
Վաղուց է, որ Իսրայէլ կտրականապէս կը մերժէր Ֆրանսայի մասնակցութիւնը Լիբանանի հետ իր հակամարտութեան լուծման համար առաջարկուող տարբեր ձեւաչափերու մէջ: Ֆրանսան ոչ միայն շրջանցելու, այլեւ ընդհանրապէս դուրս մղելու նման գործընթացներէ` այս միտումը շարունակական ձեւով կը դրսեւորուէր Թել Աւիւի կողմէ ամէն առիթի:
Հիմա, նոյն վերաբերումին կ՛արժանանան Իտալիան եւ Սպանիան: Այս երկու երկիրները կը յատկանշուին Միացեալ Նահանգներու հետ, տարածաշրջանային պատերազմին գործողութիւնները չհամադրելու իրենց դիրքորոշումներով: Երկու պետութիւններուն ղեկավարները այնպիսի յայտարարութիւններով հանդէս եկած են օրին, որոնց շատ սուր հակազդած էր Միացեալ Նահանգներու նախագահը:
Իրանի դէմ Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլ պատերազմը չէր ստացած ՕԹԱՆ-ի անդամ պետութիւններու ընդհանուր համաձայնութիւնը եւ այդ առումով ամէնէն համարձակ երկիրներն էին նշուածները, Ֆրանսայի կողքին: ՕԹԱՆ-ի մէկ այլ կարեւոր անդամը, ըստ էութեան նոյն դիրքորոշումները ունէր, սակայն կամրջումներ կը փորձէր կատարել, Իսրայէլի դէմ յայտարարողական սպառնալիքներուն առաստաղը բարձրացնելով: Թրամփ նոյն վերաբերումը չունէր Անգարայի նկատմամբ, որուն դերակատարութիւնը կ՛արժեւորէր: Այնքան մը, որ իր յորդորին անսալով էր, որ Անգարան չէր միացած Իրանին` Իսրայէլի դէմ ռազմական գործողութիւններու մասնակցելու իր որոշումէն ետ կանգնելով:
Այս բեմադրական դրսեւորումները Ֆրանսա-Իտալիա-Սպանիա եռեակին ուղղութեամբ իրողականի անցում կը կատարեն:
Մերժումները միայն իսրայէլեան չեն: Պարզ է, որ գլխաւոր հովանաւորը Լիբանան-Իսրայէլ բանակցութիւններուն Ուաշինկթընն է: Որքան ալ բացառուի անոր ստուգողական առաքելութիւնը, ըստ էութեան ամբողջ խաղի մրցավարը կը շարունակէ մնալ Ուաշինկթընը, որ այս պարագային Իսրայէլի ճամբով վեթոներ կը պարտադրէ այն եռեակին, որ ռազմական յենակէտեր մերժեց տրամադրել Թրամփին:
Եռեակը հիմա պատասխան կը ստանայ: Այդ պատասխանները միայն ստուգման յանձնախումբին չներառելով չեն պարզաբանուիր: Սպանիան ծանր հարուած ստացաւ գաղթական զանգուածներու սպանական տարածք «գործուղման» միջոցով:
Այս բոլոր տուեալները նկատի ունենալով պէտք է մտածել եռեակի արժանացած մերժումին մասին: Իսրայէլի ճամբով, սակայն նաեւ պատերազմին չմասնակցելու իրենց դիրքորոշումներուն ստացած պատասխաններով:
«Ա.»