Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ պատասխանելով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմին յայտարարեց. «Այսօր հանդէս կու գայ մէկը, որ քաղաքական իշխանութիւնը ամբաստանեց, թէ «Իսրայէլին աջակից էր, փոխանակ Լիբանանի գերիշխանութեան աջակից ըլլալու», ապա երկխօսութեան եւ միասնականութեան կոչ կ՛ուղղէ, կարծէք լիբանանցիները յիշողութիւն չունին»:
«Իրականութեան մէջ Իսրայէլին մեծագոյն աջակցութիւնը տրամադրեց ան, որ Լիբանանը ներքաշեց «թիկունք կանգնելու» անհեթեթ պատերազմներու արկածախնդրութեան մէջ, եւ անոր պատրուակ տրամադրեց մեր երկրին վրայ յարձակում գործելու, անոր գերիշխանութիւնը ոտնակոխելու, անոր քաղաքներն ու գիւղերը քանդելու, անոր զաւակները սպաննելու եւ զանոնք հարիւր հազարաւորներով տեղահանելու», նշեց Սալամ:
«Ան, որ ինքնագլուխ պատերազմի որոշում տուաւ եւ շարունակ կը փորձէ պետութեան որոշումը խլել, Լիբանանը արտաքին հաշիւներու եւ առանցքներու կապել` անտեսելով իր համակիր զանգուածին ու ընդհանրապէս լիբանանցիներուն շահերը, իրաւունք չունի հայրենասիրութեան վկայականներ բաշխելու, ուր մնաց գերիշխանութեան», շեշտեց վարչապետը:
«Իսկ երկխօսութիւնն ու միասնականութիւնը կը կառուցուին միայն ճշմարտութիւնները ճանչնալու, հակառակ անոնց դառնութեան, եւ պատասխանատուութիւնը կրելով այն անպատասխանատու ընտրանքներուն համար, որոնց սուղ գինը լիբանանցիները տակաւին կը վճարեն», ըսաւ ան:
«Պետութիւնը կը մնայ ապաստան բոլոր լիբանանցիներուն համար, յատկապէս մեր ժողովուրդին համար, որ մէկը միւսին ետեւէն կորուստներ կրած է: Անիկա կը շարունակէ յանձնառու մնալ մեր հողի իւրաքանչիւր թիզէն իսրայէլեան բռնագրաւումը վերցնելուն եւ մեր բոլոր գերիները վերադարձնելուն, ինչպէս նաեւ յանձնառու է մեր ժողովուրդին համար իրենց քաղաքներ, գիւղեր, դաշտեր եւ տուներ արժանապատիւ եւ անվտանգ վերադարձի պայմաններ ապահովելուն եւ զանոնք վերականգնելուն այնպէս, որ նպաստէ իր սիրելիներու եւ ապրուստի միջոցներու կորուստէն տուժած բոլոր ընտանիքներու վէրքերու ապաքինման», յայտնեց Սալամ:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի պետ Ալի Ամմար հակադարձելով վարչապետին նշեց. «Վարչապետը, որ որոշած է պատկերէն եւ գործողութիւններէն դուրս մնալ, ցաւօք, կարծէք այլեւս չի տարբերակեր գերիշխանութիւնը խախտողներն ու հողը բռնագրաւողները զանոնք պաշտպանողներէն:
«Ան ընտրեց անհիմն մեղադրանքներ հնչեցնել` Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի բարձրացուցած հիմնարար հարցերուն պատասխանելու եւ անոր անկեղծ կոչին անսալու փոխարէն` երկխօսութեան եւ ազգային դիրքորոշումը բռնագրաւումի դիմակայման շուրջ միաւորելու համար»: