Արաղչիի Հետ Քննարկելով Լիբանանի Թղթածրարը` Թայանի. «Ընդգծեցի, Թէ Հըզպալլայի Զինուորական Գործունէութեան Դադրեցման Մէջ Իրանի Դերը Հիմնական Է»

Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Անթոնիօ Թայանի յայտարարեց, թէ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին «քննարկեցինք Լիբանանի թղթածրարը, եւ կը յուսամ, որ Հռոմի մէջ ընթացող ներկայ բանակցութիւնները զինադադարի ամրապնդման եւ համապարփակ համաձայնութեան հասնելու շօշափելի արդիւնքի կը յանգին:

«Անոր անգամ մը եւս շեշտեցի, թէ Հըզպալլայի զինուորական գործունէութեան դադրեցման մէջ Իրանի դերը հիմնական է, եւ թէ Իտալիան պիտի շարունակէ Միջին Արեւելքի մէջ երկխօսութեան, անվտանգութեան ու խաղաղութեան ամրապնդման իր դերը»:

Leave a Comment