Իսրայէլեան Մագլցում – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Իսրայէլեան աղբիւրներ «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ առնուազն երկու իսրայէլացի զինուորներ սպաննուած են հարաւային Լիբանանի Մաժտալ Զուն շրջանին մէջ ականի մը պայթումին պատճառով:

Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց. «Հըզպալլան զինադադարը խախտեց, եւ բանակը անոր դէմ ուժեղ կերպով պիտի գործէ», աւելի ուշ աւելցնելով. «Հարաւային Լիբանանի մէջ թիրախաւորուած հարուածներու սկսանք` հակադարձելով Հըզպալլայի կողմէ զինադադարի խախտման»:

Իսրայէլեան հրետանին ռմբակոծեց Սուր գաւառի Զըպքին եւ Մաժտալ Զուն գիւղերուն միջեւ գտնուող շրջանը:

Իսրայէլեան բանակի բանբեր Էլլա Ուաուիէ Մանսուրի գիւղին մէջ գտնուող բնակիչները զգուշացուց, որ պէտք է անմիջապէս իրենց տուները լքեն եւ գիւղէն առնուազն 1000 մեթր դէպի հիւսիս բաց տարածք տեղափոխուին:

Իսրայէլեան օդուժը յարձակում գործեց Պընթ Ժպէյլ գաւառի Թըպնին գիւղին վրայ: Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ յարձակումին պատճառով արձանագրուած է զոհ մը եւ 12 ուրիշներ վիրաւորուած են:

 

 

Leave a Comment