Սուրիական Աղբիւր Մը Լիբանանի Եւ Իրաքի Սահմաններուն Վրայ Սուրիական Ուժերու Կուտակման Պատճառը Կը Բացատրէ

«Նաշրա» կայքը նշեց, որ առաջին անգամը չէ, որ Լիբանանի հետ սահմանին վրայ սուրիական զինուորական կուտակումներու մասին կը խօսուի, սակայն այս անգամ անիկա կը զուգադիպի նաեւ Իրաքի հետ իրանեան սահմաններուն վրայ սուրիական զինուորական քայլերու յայտարարութեան, ուստի ատիկա արդեօք կը նշանակէ՞, թէ Սուրիան իր ուժերու Լիբանան մուտք գործելուն կը պատրաստուի եւ մշակած է զինուորական ծրագիր մը` ետ մղելու համար Լիբանանի մէջ իր քայլերուն իբրեւ պատասխան իրաքեան որեւէ միջամտութիւն մը:

Սուրիական աղբիւր մը «Նաշրա»-ին կը հերքէ, թէ սուրիական հողերէն դուրս, ըլլայ այդ դէպի արեւելք կամ արեւմուտք յառաջանալու որեւէ որոշում գոյութիւն ունի, եւ սահմաններու վրայ զինուորական քայլերը կը ներկայացնէ իբրեւ «նախազգուշական քայլեր»: Ինչո՞ւ:

Աղբիւրը կը նշէ, որ Սուրիան կ՛ուզէ իր հողերը Թեհրանէն Իրաք ապա Լիբանան զէնքերու եւ գումարներու տեղափոխման համար օգտագործումէն պաշտպանել` յարգելով միջազգային որոշումներն ու արաբական ցուցմունքները, երբ վերջին շրջանին զէնքեր գրաւուեցան, այնպիսի ձեւով մը, որ օտար երկիրներուն մօտ այն տպաւորութիւնը ստեղծեցին, թէ Սուրիան զէնքի տարանցման միջանցք է:

«Կը թուի, թէ Դամասկոս լուրջի կ՛առնէ Իրանի համակիր իրաքեան խմբաւորումներու սպառնալիքները, թէ Սուրիա մուտք պիտի գործեն, եթէ Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի շահերուն դէմ միջամտութիւն մը կատարուի, ինչ որ սուրիացիները մղած է ամրապնդելու սահմանամերձ Տեր Զօր եւ Պուքամալ շրջաններուն մէջ իրենց դիրքերը, այդպիսով հաւասարապէս Իրաքին ու Իրանին ուղղակի պատգամ յղելով, թէեւ Դամասկոս տարբերակում կը դնէ իրաքեան կառավարութեան հետ իր յարաբերութեան եւ իրաքեան զինեալ խմբաւորումներուն միջեւ:

«Նաեւ կարելի չէ բացառել, թէ Սուրիան կ՛ուզէ Ծոցի երկիրներուն յղել յստակ պատգամ մը, թէ իրենց կողքին կը կանգնի եւ դէմ է Սուրիոյ ու Իրաքի միջեւ սահմանային տարածքներէ անոնց հողերուն դէմ կատարուած հրթիռային որեւէ յարձակումի»:

Leave a Comment