Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի հեռաձայնած է Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Պըն Ֆարհան իշխանին: Այս մասին հաղորդեց Սէուտական Արաբիոյ պետական ՈՒԱՍ լրատու գործակալութիւնը:
Երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած են ներկայ կացութեան լոյսին տակ վերջին զարգացումները, ինչպէս նաեւ մագլցումը մեղմացնելու դիւանագիտական ջանքերը:
Սէուտական դիւանագիտութեան պետ Պըն Ֆարհան իշխանը ընդգծած է «թագաւորութեան նախանձախնդրութիւնը` շարունակելու իր անվտանգութեան ու կայունութեան հաստատման իր շրջանային դերակատարութիւնը, ինչ որ շրջանի բոլոր պետութիւններու եւ ժողովուրդներու հասարակաց շահերը կ՛իրագործէ»: