ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի խումբը երէկ Ահտի դաշտին վրայ 9-1 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Ֆ. Ք. Պէյրութը:
Անցեալ մրցումին թեթեւօրէն վիրաւոր ըլլալով Հայտար Հայտար դաշտ ներկայացած էր Բ. կիսախաղին եւ կոլ մը նշանակած, իսկ երէկ Հայտար կրցաւ 4 կոլեր նշանակել` դառնալով մրցումին լաւագոյն մարզիկներէն:
Օմար Հուսարի, որ անցեալ մրցումին 2 կոլ նշանակած էր, կրցաւ 15-րդ վայրկեանին փոխանցել Հայտարին, որ բացաւ մրցումին հաշիւը:
22-րդ վայրկեանին անգամ մը եւս Հուսարիի փոխանցումէն օգտուեցաւ Հայտար, արդիւնք` 2-0:
40-րդ վայրկեանին Հուսարի Պէյրութի պաշտպաններու սխալէն օգտուելով նշանակեց ՀՄԸՄ-ի 3-րդ կոլը: 44-րդ վայրկեանին Հայտար նշանակեց մրցումին 4-րդ եւ իր 3-րդ կոլը:
62-րդ վայրկեանին Հայտար արդիւնքը բարձրացուց 5-ի: 72-րդ վայրկեանին Ալի Սալման, որ շատ լաւ ելոյթ կ՛ունենար, քիչ մնաց նշանակէր 6-րդ կոլը, բայց գնդակը դպաւ Պէյրութի բերդի սիւնին:
78-րդ վայրկեանին վեթերան Մոհամետ Ապտել Սաթեր, որ մօտ 14 վայրկեան առաջ դաշտ ներկայացած էր, նշանակեց ՀՄԸՄ-ի 6-րդ կոլը` Իսա Օսմանի փոխանցումէն ետք:
82-րդ վայրկեանին Պէյրութ նշանակեց կոլ մը, որուն շուտով պատասխանեցին Հուսարի (85-րդ), Օսման (87-րդ) եւ Մուսա Ամին (88-րդ)` արդիւնքը փակելով 9-1 արդիւնքով:
Պէտք է ըսել, որ շատ դժուար է այս տաքին ֆութպոլ խաղալը, բայց խմբային գեղեցիկ խաղով մանաւանդ դաշտին կեդրոնէն Աւագ Պալապանեանի եւ Սալմանի հետ ՀՄԸՄ լաւապէս ձեռք առած էր մրցումին ղեկը:
Յառաջիկայ մրցումին Անդրանիկի դէմ վստահաբար լաւ ճակատում մը տեղի պիտի ունենայ «հայկական տերպի»-ին:
Նշենք, որ Անդրանիկ 8-0 արդիւնքով յաղթած էր Նուժումին եւ ՀՄԸՄ-ի նման 6 կէտ ունի 2 յաղթանակներէ ետք: