Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, թէ համաձայն գտնուած է Իրանի դէմ որոշուած յարձակումը առկախելու` նշելով, որ այդ որոշումը տուած է հաւանական գործարքի մը ընդհանուր գիծերուն շուրջ համաձայնութենէն ետք, Իրանի եւ միջինարեւելեան այլ պետութիւններու կողմէ որեւէ յարձակում դադրեցնելու խնդրանքէն ետք:
Թրամփ նշեց, որ համաձայնութիւնը պիտի ներառէ «Հորմուզի նեղուցի անմիջական, ամբողջական ու կատարեալ վերաբացումը` իրանեան հիւլէական սպառնալիքին վերջ տալէն ետք»:
Ան շեշտեց, որ իր երկիրը «ամբողջական կերպով պատրաստ վիճակ մէջ, զինուած ու պատրաստ է» Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ի վեր աննախադէպ զինուորական ուժով Իրանի դէմ գործելու:
Սպիտակ տան ղեկավարը աւելցուց, որ համաձայն գտնուած է յարձակումը ջնջելու, որովհետեւ ատիկա աշխարհի ապագայ շահէն կը բխի, եւ Իրանը «յաջող ու բարգաւաճ» պահելու համար, սակայն պայմանով, որ արագ կերպով համաձայնութիւն գոյանայ` նշելով, որ Իսրայէլ իրեն հետ այդ յանձնառութիւնը կը բաժնէ:
«Թող բոլորը սկսին աշխատիլ եւ խնդիրը աւարտին հասցնեն», եզրափակեց Թրամփ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Իրանին կարելի չէ արտօնել հիւլէական ծրագիր ունենալ` նշելով, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը այդ առնչութեամբ յստակ էր: Ան աւելցուց, որ իրանեան հիւլէական ծրագիրի ներկայացուցած սպառնալիքը ժառանգուած վտանգ մըն է:
Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը աւելցուց, որ իրանեան վարչակարգը նախապէս Թրամփի նման նախագահի մը դիմաց չէ կանգնած` նշելով, որ Իրան կը ջանար հիւլէական զէնք ձեռք ձգել եւ իր ծրագիրը պաշտպանելու համար հրթիռային աւանդական ծածկոյթ կառուցել:
Ան յայտնեց, որ Թրամփ թիրախաւորեց Իրանի զինուորական կարողութիւնները եւ մեծ վնասներ հասցուց անոր պաշտպանական կարողութիւններուն` ընդգծելով, որ Թեհրան տակաւին հրթիռներ ու անօդաչու թռչող սարքեր ունի, սակայն իր աւանդական պաշտպանութեան ծածկոյթը կորսնցուց:
Ռուպիոյի կարծիքով, Իրան հիւլէական զէնքի զինաթափման եւ նեղուցներու հարցերուն շուրջ համաձայնութիւն կնքելու աւելի պատրաստ դարձաւ, որովհետեւ Ուաշինկթըն ուժի դիրքէ կը բանակցի:
«Կրնայ իրանեան վարչակարգի փոփոխութիւն տեղի չունենալ, սակայն ինքնին վարչակարգը պէտք է փոխուի», ըսաւ ան:
Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը իրանեան վարչակարգը ամբաստանեց, թէ ծաւալապաշտական գործելաոճ կը կիրարկէ, եւ ոչ միայն Իրանին կ՛ուզէ իշխել, այլ նաեւ շրջանին: Ան ընդգծեց, որ Թեհրանին իր ծաւալապաշտական գործելաոճը փոխել ստիպելու միակ ձեւը անոր քաղաքականութեան գինը բարձրացնել է այնպիսի աստիճանի մը, որուն չի կրնար տոկալ:
Ռուպիօ յայտնեց, որ Միջին Արեւելքի եւ Ծոցի պետութիւնները ամբողջովին գիտակցեցան իրանեան սպառնալիքի բնոյթին, որ իրողութեան վերածուեցաւ, երբ շրջանի երկիրները ենթարկուեցան իրանեան անօդաչու թռչող սարքերով եւ հրթիռներով յարձակումներու, որոնք թիրախաւորեցին անոնց քաղաքներն ու ուժանիւթի ենթակառոյցները:
Ան ուժանիւթի հոսքի վերադասաւորումն ու Հորմուզի նեղուցի օգտագործման կրճատումը նախատեսեց` նշելով, որ Իրան պիտի շարունակէ նեղուցին կից մնալ, անկախ իրանեան վարչակազմի բնոյթէն: Անոր համաձայն, այնքան ատեն որ ներկայ վարչակարգը կայ, Իրանը շրջանի պետութիւններու տնտեսական ու ապահովական շահերուն իսկական եւ ուղղակի սպառնալիք կը ներկայացնէ:
Պատասխանելով ռուս-իրանեան գործակցութեան մասին հարցումի մը` Ռուպիօ ըսաւ, որ կան պետութիւններ կամ պետութիւններու մէջ ընկերութիւններ, որոնք Միացեալ Նահանգներու հակառակորդներուն հետ կ՛աշխատին` աւելցնելով, որ Ուաշինկթըն կը հետեւի իր հակառակորդներուն միջեւ գործակցութեան, այդ հարցը կ՛արծարծէ, եւ կարգ մը պարագաներու կը յաջողի այդ հարցը լուծել:
Ռուպիօ նշեց, որ այլ պետութիւններու կողմէ կատարուած որեւէ բան չէ կարողացած Միջին Արեւելքի մէջ Միացեալ Նահանգներու նպատակներու իրագործումը խոչընդոտել` աւելցնելով, որ կան հարցեր, որոնք մտահոգութիւն ու անհանգստութիւն կը յառաջացնեն, սակայն Ուաշինկթընի չեն արգիլեր այս կամ այն ձեւով իր նպատակները իրագործել:
Ամերիկացի պաշտօնատարներ եւ լաւատեղեակ աղբիւր մը «Աքսիոս»-ին յայտնեցին, որ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Պըն Սալման իշխանը շաբաթ օր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահին հետ եւ մտահոգութիւն յայտնած վերջինիս Իրանի վրայ լայնածաւալ նոր հարուածներ շղթայազերծելու ծրագիրներուն նկատմամբ:
Ըստ կայքին, սէուտցիները աշխատանքային ծրագիրին վերաբերեալ բացատրութիւն ուզած են, եւ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգը Թրամփը յորդորած է մագլցումը մեղմացնելու եւ հարուածներ հասցնելէ ետ կանգնելու:
«Աքսիոս» կը նշէ, թէ քաթարցի միջնորդներու եւ օմանցի պաշտօնատարներու Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի եւ ամերիկացի պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆի հետ կատարած անջատ քննարկումները յառաջընթաց արձանագրած են, սակայն տակաւին յստակ չէ, եթէ այդ յառաջընթացը ճգնաժամը վնասազերծելու համար բաւարար է:
Լաւատեղեակ չորս աղբիւրներ «Սի.Էն.Էն.»-ի յայտնած են, թէ Թրամփ շաբաթ օր հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանին հետ, մինչ Իրանի հետ մագլցումը վերահսկողութեան տակ առնելու շրջանային ու միջազգային ջանքերը կ՛աշխուժանան:
Աղբիւրներուն համաձայն, պըն Սալման իշխանը մագլցումի մեղմացման թագաւորութեան փափաք յայտնած է, եւ Իրանի վրայ յարձակումներու շղթայազերծման ծրագիրներու նկատմամբ իր մտավախութիւնները յայտնած:
«Սի.Էն.Էն.» կ՛աւելցնէ, թէ միջնորդ պետութիւններէ, ներառեալ Քաթարէն ու Փաքիստանէն պաշտօնատարներ շտապ աշխատանք կը տանին հակամարտութեան մէջ նոր մագլցումի մը արձանագրումը կանխարգիլելու` կապ հաստատելով Իրանէն ու Միացեալ Նահանգներէն պաշտօնատարներու հետ, որոնց շարքին Սպիտակ տան պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆի հետ:
Սէուտական պետական ՈՒԱՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգը հեռաձայնած է Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ անոր հետ քննարկած շրջանին մէջ կացութիւնն ու անոր շրջանային եւ միջազգային մակարդակներու վրայ հետեւանքները:
Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգը հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին ընդգծած է մագլցումը մեղմացնելու համար երկխօսութիւնը գերակայ նկատելու եւ կացութեան հանդարտեցման համար աշխատանքի անհրաժեշտութիւնը, ինչ որ դիւանագիտական լուծումներու հասնելու ճամբան կը հարթէ:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը, մէջբերելով լաւատեղեակ դիւանագէտներ, հաղորդեց, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչին համաձայն գտնուած է քաթարցի պաշտօնատարներու Հորմուզի նեղուցի վերաբացման վերաբերեալ առաջարկին, ինչ որ Թրամփի Իրանի դէմ որոշուած յարձակումի ջնջման պատճառներէն մէկը եղած է:
Ըստ զեկուցումին, առաջարկը կը նշէ, թէ Ծոց ուղղուող նաւերը Հորմուզի նեղուցէն անցնելու ընթացքին անցնին իրանեան շրջանային ջուրերէն, իսկ Ծոցէն մեկնելու ատեն` օմանեան շրջանային ջուրերէն: