Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի վրայ ուժեղ ճնշում պիտի գործադրէ, որպէսզի Ռուսիոյ հետ մուտքի արտօնագրային դրութիւն կիրարկէ եւ միանայ պատժամիջոցներուն: Այս մասին ռուսական «Իզվեսթիա» օրաթերթին յայտնած է Եւրոպական խորհրդարանի անդամ Ֆեռնանտ Քարթհայզեր:
«Հայաստանի վրայ ուժեղ ճնշում պիտի գործադրուի, որպէսզի անիկա այնուամենայնիւ ընդունի նման քայլեր: Յոյսով եմ, որ Հայաստան պիտի դիմանայ նման ճնշումին եւ նախ եւ առաջ հոգ պիտի տանի սեփական շահերուն: Հայաստան պէտք է Արեւմուտքի հետ համագործակցութիւնը դիտարկէ իբրեւ երկարաժամկէտ նախագիծ եւ միեւնոյն ժամանակ պէտք չէ ձեռնարկէ որեւէ բան, որ կրնայ առաւել եւս ապակայունացնել կամ տկարացնել շրջանին մէջ անոր դիրքը», ըսած է քաղաքական գործիչը, որ նախապէս մաս կազմած է Հայաստանի հետ խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնախումբին:
Անոր կարծիքով` Երեւանը պարտաւոր չէ հետեւիլ Եւրոպական Միութեան պահանջներուն: Բայց եւ այնպէս, ներկայ կառավարութիւնը մարտահրաւէր կը նետէ Ռուսիոյ հետ Հայաստանի վաղեմի յարաբերութիւններուն, ներառեալ անվտանգութեան ոլորտին մէջ, իր դիրքորոշումները մօտեցնելով Եւրոպական Միութեան քաղաքականութեան:
«Հայաստան պարտաւորութիւն ստանձնած է աշխատիլ Եւրոպական Միութեան հռչակագիրին, որոշումներուն եւ գործողութիւններուն համապատասխանութեան բարձրացման ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ ամրապնդելու համագործակցութիւնը եւ փոխադարձ աջակցութիւնը բազմակողմ հարթակներու վրայ: Եթէ այսպիսի դասաւորութիւնը իրականութեան մէջ իրականացուէր, ատիկա պիտի նշանակէր Հայաստանի բացայայտ հակառուսական պետութեան վերածումը, ինչ որ անխելամիտ կը թուի` հաշուի առնելով երկրի աշխարհագրական եւ քաղաքական դիրքը, ինչպէս նաեւ անվտանգութեան եւ տնտեսութեան ոլորտին մէջ անոր լայն շահերը», կը կարծէ Քարթհայզեր:
Եւրոպական խորհրդարանի անդամը կը նշէ, որ Եւրոպական Միութիւնը իրականութեան մէջ ի վիճակի չէ որեւէ էական աջակցութիւն ցուցաբերել ճգնաժամի պարագային: Պրիւքսել Հայաստանը կ՛օգտագործէ իր սեփական քաղաքական նպատակներուն համար` Ռուսիոյ վրայ յարձակելու նպատակով, սակայն կարելիութիւն չունի Երեւանը նման քաղաքականութեան հաւանական բացասական հետեւանքներէն պաշտպանելու:
Նախքան այդ, Ռուսիոյ արտաքին հետախուզութեան ծառայութիւնը յայտնած էր, որ Պրիւքսել Երեւանէն պահանջած է կրճատել ռուսական գործառնութեան ներկայութիւնը: