Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղին, երկուշաբթի, 27 յուլիս 2026-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին Այնճարի «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան շրջափակին մէջ նշուեցաւ Լիզպոնի գործողութեան 43-ամեակը:
Նահատակաց յուշակոթողին դիմաց կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, որմէ ետք սկիզբ առաւ ձեռնարկը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Կարէն Հերկելեան, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ պատանեկան օրերէն երգերու ճամբով մեր լսած խիզախութիւնն ու նուիրումը մարմնաւորեցին Լիզպոնի 5 տղաքը` ապացուցելով, որ այս խօսքերը լոկ կարգախօսներ չեն, այլ ճշմարիտ ուղին հայ ազգի ազատագրական դատի սուրբ աշխատանքին:
Ապա ցուցադրուեցաւ Լիզպոնի գործողութիւնը ներկայացնող վաւերագրական տեսերիզ մը:
Օրուան բանախօսն էր Կարէն Պոյաճեան, որ լուսարձակի տակ 43 տարիներ առաջ Սիմոնին, Վաչէին, Սագոյին, Արային եւ Սեդրակին անձնազոհութեամբ կատարուած գործողութիւնը, զոր ոգեկոչելու համար ամէն տարի կը համախմբուինք, սակայն այս հաւաքները նաեւ առիթ են վերահաստատումի, որ չենք հրաժարիր մեր ազգային իտէալներէն, չենք մոռնար մեր նահատակները, չենք հրաժարիր Հայ դատէն եւ մեր պատմական իրաւունքներէն:
Ան ըսաւ, որ Լիզպոնի գործողութիւնը պատգամ մըն է մեզի եւ յառաջիկայ բոլոր սերունդներուն: Պատգամ մը, որ առաջին հերթին մեր ուսերուն կը դնէ ծանր պատասխանատուութիւն` բարձր պահելու պայքարի ոգին, յիշեցնելու բոլորին, որ հայ ժողովուրդը ունեցած է, ունի եւ պիտի շարունակէ ունենալ յեղափոխաշունչ ու գաղափարապաշտ երիտասարդութիւն` դառնալու Արային պէս խիզախ, Սիմոնին պէս նուիրեալ, Վաչէին պէս վճռական, Սագոյին պէս անձնազոհ եւ Սեդրակին պէս անսասան, շարունակելու այն ճամբան, զոր այդ տղաքն ու մեր անձնազոհ հերոսները բացին մեր դիմաց:
«Լիզպոնի հինգ հերոսները պատմութեան մէջ իրենց անունը արձանագրեցին ոչ թէ անձնական փառքի համար, այլ` ազգին, հայրենիքին եւ Հայ դատի սրբազան պայքարին ծառայելու գիտակցութեամբ: Անոնց անձնազոհութիւնը դարձաւ պատգամ մը, որ հայ ժողովուրդի իրաւունքները չեն կրնար մոռացութեան մատնուիլ, իսկ ազգային արժանապատուութիւնը երբեք բանակցութեան նիւթ չէ», շեշտեց բանախօսը` աւելցնելով, որ նահատակներուն հանդէպ մեծագոյն դաւաճանութիւնը մոռացութեան տալն է այն գաղափարները, որոնց համար զոհուեցան անոնք:
«Այսօր, 43 տարիներ անց մեր ժողովուրդը կ՛ապրի իր պատմութեան ամէնէն դժուար փուլերէն մէկը: Արցախը հայաթափուած է, հազարաւոր հայ ընտանիքներ բռնի կերպով տեղահանուած են իրենց հազարամեայ հայրենիքէն, իսկ մեր ազգային իրաւունքներուն դէմ ուղղուած սպառնալիքները կը շարունակուին: Այս իրականութիւնը մեզ կը պարտաւորեցնէ ոչ միայն սգալ մեր կորուստները, այլ նաեւ` վերագտնել ազգային կամքն ու պայքարի ոգին:
«Այդ իսկ պատճառով Լիզպոնի հինգ հերոսներու պատգամը այսօր կը հնչէ աւելի հրատապ, քան երբեւէ: Անոնք մեզի կը սորվեցնեն, թէ ազգի գոյատեւումը կը պահանջէ կազմակերպուածութիւն, ինքնավստահութիւն, ազգային գաղափարախօսութեան հաւատարմութիւն եւ պատրաստակամութիւն` պաշտպանելու մեր ժողովուրդի իրաւունքները մինչեւ իսկ կեանքի գնով», դիտել տուաւ Պոյաճեան:
Ան յիշատակեց Վաչէ Տաղլեանի այն գաղափարը, որ հայ երիտասարդը պէտք է ապրի ոչ միայն իր անձնական նպատակներով, այլ նաեւ` իր ազգի ճակատագիրին գիտակցութեամբ, նշելով, թէ ազգը կը զօրանայ այն ատեն, երբ երիտասարդութիւնը իր մէջ կը կրէ պատասխանատուութեան զգացումը, կը կրթուի, կը կազմակերպուի եւ պատրաստ կ՛ըլլայ ծառայելու ժողովուրդին եւ Հայ դատին: Այս գաղափարը այսօր նոյնքան կենսական է, որովհետեւ առանց ազգային գիտակցութեամբ դաստիարակուած երիտասարդութեան` դժուար է երաշխաւորել մեր ազզի գոյատեւումն ու յառաջընթացը:
Կարէն Պոյաճեան շեշտեց, որ այս պայքարին մէջ առանձնայատուկ է դերակատարութիւնը ՀՅԴ ԼԵՄ-ին, որ իր հիմնադրութեան օրէն եղած է ազգային գիտակցութեան, գաղափարական դաստիարակութեան եւ նուիրեալ ծառայութեան դպրոց: ԼԵՄ-ը դաստիարակած է սերունդներ, որոնք իրենց գիտելիքը, կարողութիւնը եւ կորովը ծառայեցուցած են ազգին` հաւատարիմ մնալով Դաշնակցութեան արժէքներուն:
«Այսօր եւս ԼԵՄ-ի առաքելութիւնը կը մնայ նոյնը` պատրաստել գաղափարապաշտ, կազմակերպուած եւ ազգային պատասխանատուութիւն ունեցող երիտասարդներ, որոնք պիտի շարունակեն Հայ դատի պայքարը եւ պիտի պաշտպանեն Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքահայութեան իրաւունքները», շեշտեց ան:
Բանախօսը անդրադարձաւ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն զիջումի եւ ազգային արժէքներէ հրաժարելու քաղաքականութեան, ըսաւ, որ անոնք այլեւս հայութեան եւ Հայաստանի շահերու պաշտպան չեն, այլ կը քանդեն մեր պետականութեան հիմքերը, իսկ թշնամին հետեւողական կերպով նոր զիջումներ կը պահանջէ: Այս ուղին ո՛չ խաղաղութիւն, ո՛չ ալ ապահովութիւն կը խոստանայ, այլ կը խաթարէ ազգային արժանապատուութիւնը եւ կը վտանգէ մեր հայրենիքի ապագան, հաստատեց ան:
Կարէն Պոյաճեան անդրադարձաւ հայութեան ազատագրական պայքարին եւ արժէքներու պահպանման մէջ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան դերակատարութեան:
Իր խօսքին վերջին բաժինով ան ըսաւ, որ Լիզպոնի տղոց կեանքն ու զոհաբերութիւնը կը շարունակեն լուսաւորել մեր պայքարի ուղին եւ մեզի կը յիշեցնեն, որ ազգային իրաւունքները կը պահպանուին միայն կազմակերպուած, գիտակից եւ վճռական քայլերով:
«Իբրեւ ժառանգորդները ձեր սուրբ գործին` կը խոստանանք, որ տեղի պիտի չտանք, պիտի չյուսահատինք եւ պիտի չընկրկինք: Պիտի առաջնորդուինք միմիայն մեր դաշնակցական սկզբունքներով եւ գաղափարներով: Պիտի աշխատինք հայ ժողովուրդի միասնականութեան ամրապնդման, Արցախի վերատիրացման, Հայաստանի Հանրապետութեան բարօրութեան եւ, վերջապէս, ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի գաղափարի մարմնաւորման ու ծրագրի իրականացման համար: Խոստումներէն անդին` մեր սերունդին ուսերուն կը մնայ գործադրել այս բոլորը: Մինչ այդ դուք ննջեցէք խաղաղ: Դուք ձեր պարտքը լիուլի կատարեցիք եւ արժանի դարձաք հերոս կոչուելու բարձրագոյն պատուին: Այժմ կարգը մերն է», եզրափակեց ան:
Անկէ ետք «Յառաջ» պատանեկան միութեան անդամ Էլենա Ապու Ռըժէյլի արտասանեց Յովհաննէս Շիրազի «Լիզպոնի ողջակէզներուն» բանաստեղծութիւնը:
Ձեռնարկը վերջ գտաւ Լիզպոնի նուիրուած երգերով` կատարողութեամբ ԼԵՄ-ականներ Արինա Աբրահամեանի եւ Գետակ Այնթապլեանի:



