Նեթանիահու. «Թրամփի Հետ Հանդիպումս Անոր Հետ Ունեցած Լաւագոյն Հանդիպումներէս Էր»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երեքշաբթի գիշեր Սպիտակ տան մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ իր հանդիպումը նկատեց իրենցմիջեւտեղի ունեցած լաւագոյն հանդիպումներէն մէկը, որուն ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Իրանի վերաբերեալ համակարգումին, ապահովական խնդիրներու եւ «Իսրայէլի պետութեան ապագային» վերաբերող այլ խնդիրներու:

Նեթանիահուի գրասենեակը իր կարգին շեշտեց, որ ժողովի ընթացքին Լիբանանէն, Սուրիայէն կամ Կազայէն հեռանալու ամերիկեան ճնշումներ չեն եղած:

Նեթանիահու ժողովէն ետք կարճ տեսագրութեան մը մէջ յայտնեց. «Նախագահ Թրամփի հետ ամէն իմաստով հոյակապ հանդիպում մը աւարտեցի: Ունեցանք զրոյց մը, որ կը բնութագրուէր լիակատար գործընկերութեամբ, փոխադարձ աջակցութեամբ եւ Իրանի կողմէ հիւլէական զէնքի ձեռքբերումէն խուսափելու յանձնառութեամբ, այլ նպատակներու շարքին»:

«Ասիկա նախագահ Թրամփի հետ ունեցած իմ լաւագոյն հանդիպումներէս մէկն էր` անոր վարչակազմի բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն եւ իմ աշխատակազմի բարձրաստիճան անդամներուն ներկայութեամբ: Ատիկա կարելիութիւն էր միտքերու փոխանակում կատարելու եւ համակարգում կատարելու Իսրայէլի պետութեան անվտանգութեան եւ ապագային վերաբերող կարեւոր հարցերու շուրջ»:

Նշենք, որ հանդիպումը երեքշաբթի գիշեր տեղի ունեցաւ Ձուաձեւ գրասենեակին մէջ մասնակցութեամբ երկու կողմերէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներու, առանց Թրամփի եւ Նեթանիահուի միջեւ դէմ առ դէմ հանդիպումի, առանց մամլոյ ասուլիսի կամ միացեալ յայտարարութեան: Իսրայէլեան լրատուամիջոցները այս ձեւաչափը նկատեցին բաղդատմամբ նախկին հանդիպումներուն «արտակարգ»:

Շուրջ մէկ ժամ քառորդ տեւած հանդիպումին ամերիկեան կողմէն մասնակցեցան փոխնախագահ Ճէյ.Տի.Վենսը, արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն, պատերազմի նախարար Փիթ Հեկսեթը, «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Ճոն Ռաթքլիֆը եւ յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆը:

Իսրայէլեան կողմէն ժողովին մասնակցեցաւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի պետ Շամոէլ Պեն Ազրան, Ուաշինկթընի մէջ Իսրայէլի դեսպան Եհիէլ Լայթերը, Նեթանիահուի գրասենեակի անձնակազի պետ Իտօ Նորտենը, ռազմական քարտուղար Կայ Մարքիզանոն, վարչապետի խորհրդական Քարոլայն Կալիքը եւ քաղաքական խորհրդական Օվիր Ֆալքը:

Սպիտակ տան բանբեր Քարոլայն Լիւիթ յայտնեց, որ Թրամփ-Նեթանիահու հանդիպումը եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին իր ուքրանացի պաշտօնակից Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ ունեցած հանդիպումները «դրական ու արդիւնաւէտ էին»:

Նեթանիահու աւելի ուշ ամերիկեան «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Եթէ յարձակումի ենթարկուինք, հսկայական ուժով պիտի հակադարձենք»:

«Իրանի հետ համաձայնութեան գոյացման կը կասկածիմ, եւ ատիկա հրապարակաւ կ՛ըսեմ: Ամէն անգամ, որ համաձայնութիւնը մօտ ըլլայ, ծայրայեղականները Հորմուզի նեղուցին մէջ նաւերու վրայ յարձակում կը գործեն», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու նախագահին հետ իր հանդիպումին` Նեթանիահու նշեց. «Թրամփը շատ յստակ էր, հասարակաց յանձնառութիւն ունինք եւ չենք ուզեր իրանեան վարչակարգը հիւլէական զէնքի տէր տեսնել»:

«Թրամփի հետ ժողովը հոյակապ էր, մեր գումարած լաւագոյններէն մէկը», շեշտեց Իսրայէլի վարչապետը:

Ակնարկելով Նիւ Եորքի քաղաքապետ Զահրան Մամտանիին` Նեթանիահու ըսաւ. «Նիւ Եորք պիտի երթամ… ճշմարտութիւնը պիտի խօսիմ ընտրուած պաշտօնատարին առջեւ, որ ատելութեան խօսք կը տարածէ»:

«Ան Նիւ Եորքի բնակչութեան մէկ մասը միւս մասին դէմ կը գրգռէ: Ան զանոնք Նիւ Եորքի հրեաներուն դէմ կը լարէ: Ըսել կ՛ուզեմ, անցեալ դարու երեսունական թուականներո՞ւն վերադարձանք: Հսկայական ծաւալի ատելութիւն եւ հսկայական ծաւալի սուտ», ըսաւ Նեթանիահու:

Իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին յայտնեց. «Նեթանիահու Թրամփին յայտնեց, որ վերանորոգուած իրանեան հիւլէական կառոյցներուն յաւելեալ հարուածներ հասցնելէն փախուստ չկայ»:

Պատկերասփիւռի կայանը նաեւ նշեց. «Թրամփն ու Նեթանիահուն կը վերանորոգեն Թեհրանին հիւլէական զէնք ձեռք բերելը արգիլելու իրենց հասարակաց յանձնառութիւնը»:

Իսրայէլացի պաշտօնատար մը յայտնեց. «Մենք վճռորոշ շրջադարձի վրայ կը գտնուինք, եւ Թրամփ մօտ օրէն Իրանի վերաբերեալ իր որդեգրելիք ուղիին գծով որոշում մը պիտի որդեգրէ»:

Նեթանիահուի բանբեր մը ըսաւ. «Թրամփի հետ Թուրքիոյ «Էֆ-35»-ներ ծախելու հարցը չքննարկեցինք»:

Անոր մէկ բանբերը նաեւ յայտնեց. «Ամերիկան եւ Իսրայէլը Իրանի վերաբերեալ ամբողջական կերպով համաձայն են»:

Իսրայէլեան աղբիւրներ «Էսոշիէյթըտ Փրես»-ին յայտնեցին, որ Թրամփի հետ հանդիպումի ընթացքին Նեթանիահու ըսած է, թէ Իսրայէլը սեփական նախաձեռնութեամբ` առանց Ուաշինկթընի կողմէ խնդրանքի, Իրանը պիտի չհարուածէ:

Լրատու գործակալութեան տուեալներով` Նեթանիահու Թրամփի հետ զրոյցի ժամանակ նաեւ ընդգծած է, որ Իրանի կողմէ Իսրայէլի վրայ յարձակումի պարագային հրէական պետութիւնը իրեն իրաւունք կը վերապահէ պատասխան հարուածներ հասցնելու: Իսրայէլի վարչապետը նաեւ Թրամփին յայտնած է, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ Միացեալ Նահանգներուն Իրանի վերաբերեալ նոր հետախուզական տուեալներ փոխանցել:

Նեթանիահու ըմբռնում ցուցաբերած է, որ Ուաշինկթըն Իրանի հետ հակամարտութեան մէջ ստիպուած է հաշուի առնել Միջին Արեւելքի մէջ Միացեալ Նահանգներու դաշնակից արաբական երկիրներու դիրքորոշումները: Ան Սպիտակ տան ղեկավարին հաւաստած է, որ Իսրայէլ իրանեան հարցին մէջլիովին կը վստահի Ուաշինկթընին եւ այդ առնչութեամբ պիտի աջակցի Թրամփի որեւէ որոշումին:

 

 

Leave a Comment