Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու խորհրդարանի նախագահին եւ Լիբանանի վարչապետին միջեւ կայացած հանդիպումին մասին հրապարակուած լրատուութեան մէջ կարեւոր շեշտադրումներ եւ ընդգծումներ կան: Հանդիպումին ներկայ եղած է նաեւ Լիբանանի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպանը: Հանդիպման ընթացքին ընդգծուած է, որ իր արաբական խորքին հետ Լիբանանի կապը որքան ամուր ըլլայ, Լիբանանը կրնայ աւելի արագ ընթանալ ոտքի կանգնելու եւ բարգաւաճման ուղիով, եւ արաբական գործակցութիւնը որքան խորանայ, այնքան երկու պետութիւններուն անվտանգութիւն ու կայունութիւն հաստատելու եւ ժողովուրդներու շահերը պահպանելու կարողութիւնը կ՛աւելնայ: Եզրակացուած է` Լիբանանի բնական տեղը էր եւ պիտի մնայ անոր արաբական խորքն ու արաբ եղբայրներուն միջեւ:
Այստեղ առաջին ակնկալութիւնը օժանդակութիւններու խնդիրն է: Պարզ է, որ Լիբանան կարիք ունի համաարաբական օժանդակութիւններու` պատերազմի հետեւանքներու յաղթահարման եւ ընդհանրապէս տնտեսութեան վերականգնումին համար: Օժանդակութիւնները տեղի կ՛ունենան մասնակի, ոչ ծաւալային եւ արմատական, յայտնաբար սպասելով մեծ օրակարգերու լուծման:
Քանի մը դիտարկելի կէտեր անպայման լուսարձակի տակ պէտք է բերել: Նախ այն, որ համաարաբական մակարդակի վրայ, յատկապէս ծաւալային օժանդակութեան թափ տուող եւ այդ առումով եղանակ ճշդող երկիրը Սէուտական Արաբիան է, որ իր տնտեսական շուկան Լիբանանի առջեւ բանալու որոշում կայացուցած է: Ասիկա կ՛ենթադրէ տնտեսաքաղաքական դաշտին մէջ նոր կանոնի ճշդում եւ հեռանկարի տրամադրում Լիբանանի համար: Այս որոշումը ուաշինկթընեան ներշնչում ունի անպայման, յատկապէս նկատի ունենալով նախագահ Թրամփին պաշտօնական Պէյրութին զօրավիգ կանգնելու առայժմ յայտարարողական մակարդակի վրայ հնչեցուցած միտքերը:
Այս պարունակին մէջ ալ պէտք է ընկալել Ապու Տապիի ներկայացուցիչին այցելութիւնը եւ վարչապետին հետ արծարծած հարցերը: Սակայն Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններ հաստատելու գիծին վրայ Ռիատի եւ Ապու Տապիի առուները նոյն գետին չէին միանար: Ապու Տապին աւելի յախուռն քայլերով սկսած էր ընթանալ Թել Աւիւի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ճամբով, որուն ուղղութեամբ համաձայնութիւններ ալ կայացուցած էր: Նոյն կշռոյթը չի պահեր Ռիատը, որ Իրանին հետ կը փորձէ կամուրջները չքանդել, յատկապէս Փեքինի մէջ կայացած դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման համաձայնագիրի ստորագրութենէն ետք:
Այս տուեալներով հանդերձ, համաարաբական առումով Սէուտական Արաբիան առանցքային պետութիւն կը շարունակէ մնալ, որուն շուրջ կը դառնան Ծոցի արաբական միւս արբանեակները:
Այստեղ աւելի ուշագրաւ ընդգծում կայ սակայն: Լիբանանի արաբական դիմագիծի պահպանումը, արաբական էութիւնը եւ այդ առումներով իր տեղն ու դերը բացարձակօրէն արաբական աշխարհին կապելու ընդգծումները միայն արաբական աշխարհէն տնտեսական օժանդակութիւններ ստանալու չեն վերաբերիր:
Վերը ներկայացուած ընդգծումները կրնան նշանակել Լիբանանին արաբական աշխարհի նոր քարտէսին մաս կազմելու իրողութեան: Եթէ արաբական պետութիւններ կը պատրաստուին Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու հաստատման, ապա Լիբանանը եւս ուաշինկթընեան իր շրջանակայինով այդ ուղղութիւնը բռնած է, քաղաքական ներկայ պայմաններու թարգմանութեամբ:
Աւելին կայ սակայն այս ընդգծումին մէջ: Արաբական աշխարհին մէջ թափանցած եւ ներկայութիւն եղող Թուրքիան, որ իր անվտանգային եռանկիւնին ներառած է նաեւ Լիբանանը, ուղերձ կը ստանայ այս ընդգծումով: Լիբանանը արաբական աշխարհի թէ՛ անցեալի եւ թէ՛ ներկայի մաս է եւ ընդհանուր այդ համակարգի քաղաքական քերականութեամբ պիտի շարունակէ գործել: Թրքականը արաբական չէ, իսկ Լիբանանը արաբական է:
«Ա.»