Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Աքսիոս» կայքին յայտնեց, որ կարգ մը իրանցիներ Մալակայի եւ Սինկափուրի նեղուցներու օրինակի որդեգրման ուղղութեամբ աշխատանք կը տանին:
Պաշտօնատարը ամերիկեան կայքին նշած է, որ ամերիկեան պատժամիջոցներն ու ծովային շրջափակումը երկար պիտի տեւեն` Թեհրանին բանակցութեան սեղան վերադառնալ ստիպելու համար` փոխանակ լայնածաւալ ռմբակոծման արշաւ շղթայազերծելու:
Աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Օմանը Իրանին առաջարկած է Հորմուզի նեղուցին կամաւոր վճարներով կառավարման միացեալ շրջանային մեքանիզմ ստեղծել:
Աղբիւրը աւելցուց, որ Օմանի առաջարկը, որ շրջանի շարք մը երկիրներու աջակցութիւնը կը վայելէ, կը նախատեսէ, որ Իրան չունենայ նեղուցին նկատմամբ միակողմանի վերահսկողութիւն:
Առաջարկը հիմնուած է Մալակայի նեղուցի կառավարման բնորդին վրայ, ուր նեղուցէն օգտուողները կամաւոր ներդրումներ կը կատարեն` ֆինանսաւորելու նաւարկութեան անվտանգութիւնը, շրջակայ միջավայրի պահպանութիւնը, ինչպէս նաեւ որոնողափրկարարական աշխատանքները: