Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ուաէլ Ապու Ֆաուր «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց. «Լիբանանը աւելի մեծ հակամարտութեան մը յաւելուածը եղող բեմ է, եւ կը թուի, թէ այդ հակամարտութեան լուծում չկայ, եւ այնքան ատեն որ աւելի մեծ մակարդակի վրայ լուծում չկայ, չեմ կարծեր, որ ներքին մակարդակի վրայ լուծում կայ»:
«Հըզպալլայի զէնքին նախկին ձեւաչափին չենք կրնար վերադառնալ: Կը հաստատենք նախագահ Ժոզեֆ Աունի Ուաշինկթընի մէջ ներկայացուցած ողջախոհ մօտեցումը», ըսաւ ան:
«Ո՛չ հանրապետութեան նախագահին, ո՛չ ալ կառավարութեան հետ խզում կայ, եւ շրջագծային համաձայնութեան վերաբերեալ նկատումները նոյնն են», յայտնեց երեսփոխանը:
«Լիբանանեան թղթածրարը Իրանի գիրկը վերադարձնելը Լիբանանի շահերէն չի բխիր, եւ այդ հարցը լիբանանեան մակարդակի վրայ համաձայնեցուած է: Պետութիւնը ինք կը ճշդէ, թէ ո՛ր արտաքին կողմը պաշտօնական Լիբանանին կ՛օգնէ հասնելու լուծումի մը, որուն բոլորը համաձայն են», յայտնեց Ապու Ֆաուր:
«Ուալիտ եւ Թէյմուր Ժոմպլաթները փորձեցին լիբանանեան քաղաքական հիմնական կողմեր համոզել համաձայնեցուած ազգային բանակցութեան մեքանիզմ ստեղծելու, սակայն արդիւնքի չհասանք: Շրջագծային համաձայնութեան ստորագրումէն ետք պէտք է վերաբանալ ներքին քննարկումը, մասնաւորաբար Լիբանան-Իսրայէլ յարաբերութեան վերջնական ձեւին շուրջ», ըսաւ երեսփոխանը: