Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու հետ պատգամներու փոխանակում գոյութիւն ունի:
Նախարարութիւնը աւելցուց, որ միջնորդները, որոնց շարքին` Փաքիստանն ու Քաթարը, իրենց առաքելութիւնը կը կատարեն:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, թէ ամերիկեան կողմը պէտք էր Իրանին իր սառեցուած գումարներուն հասնելու առիթ ընծայէր, սակայն իր խոստումները չյարգեց:
«Չենք կրնար արտօնել, որ Հորմուզի նեղուցը մեր ազգային անվտանգութեան վնասելու համար նախայարձակներուն ձեռքին մէջ գործիքի վերածուի», շեշտեց նախարարութիւնը:
«Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը դիտարկէ Իրանի դէմ պատերազմին եւ կացութեան զարգացման երեք տարբերակներ` զինուորական մագլցում, Իրանի դէմ նոր պատժամիջոցներու հաստատման միջոցով տնտեսական ճնշումներ, պատերազմին մէջ Միացեալ Նահանգներու յաղթանակի յայտարարութիւն եւ հակամարտութենէն դուրս գալ:
«Տարբերակներէն իւրաքանչիւրը վերջին շաբաթներուն քննարկուած է Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վենսի, Միացեալ Նահանգներու պատերազմի նախարար Փիթ Հեկսեթի, Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետերու յանձնախումբի նախագահ Տեն Քէյնի, յատուկ բանագնաց Սթիւ Ուիթքոֆի եւ Ճարետ Քուշների հետ հանդիպումներու ժամանակ», յայտնեց օրաթերթը:
«Նիւ Եորք Թայմզ» կը նշէ, որ հակամարտութեան հինգ ամիսներուն ընթացքին Միացեալ Նահանգները չեն կրցած հասնիլ իրենց նպատակներուն, ներառեալ ճնշող զինուորական ուժի կիրարկման միջոցով Իրանի կառավարութեան փոփոխութիւնը: