«Զուարթնոց» Կեդրոնի Արժանավայել, Իւրայատուկ Եւ Բարձրորակ Հանդէսը Արժանացաւ Ներկաներու Մեծ Գնահատանքին

Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Լիբանանի պետական երեսփոխան Նաամաթ Աֆրամի, հինգշաբթի, 16 յուլիս 2026-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան «Զուարթնոց» յատուկ դաստիարակութեան կեդրոնի ամավերջի հանդէսը:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները լսելէ ետք, «Զուարթնոց» կեդրոնի աշակերտները ներկայացուցին թատերական ներկայացում մը, որուն վերնագիրն էր` «Իմ ներաշխարհը», որ կ՛անդրադառնար հանդէսի ընդհանուր թեմային` հսկայական տարբերութիւններ ունեցող անհատներու ներաշխարհին: Ապա ներկաները դիտեցին «Պատկերներ մեր առօրեայէն` 2025-2026» խորագիրով տեսերիզը, որ կը ներկայացնէր կեդրոնի միամեայ գործունէութեան բնագաւառներն ու իրագործումները:

Գեղարուեստական յայտագիրի առաջին բաժինով աշակերտները ներկայացուցին «Ներքին փոթորիկը»` զայրոյթի եւ հանդարտութեան զգացումները ներկայացնող երկու պարեր: Առաջինը` կարմիր գոյնի տիրական ներկայութեամբ եւ կտաւներու ճամբով, իսկ երկրորդը` կապոյտով խաղաղութիւն խորհրդանշող եղանակներով: Երկրորդ տեսարանով ներկայացուած էին մենութեան եւ պատկանելիութեան զգացումները` «Գտնել իմ տեղս» խորագիրին ներքեւ: Մենութեան պարը մատուցուեցաւ լուսինը խորհրդանշող լուսաւոր գնդակներով, իսկ պատկանելիութիւնը` Լիբանանի եւ Հայաստանի դրօշներով:

Ապա խօսք առաւ Լիբանանի հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան ատենապետ Ալին Տէյիրմենճեան, որ նշեց, թէ «Զուարթնոց» կեդրոնի հիմնադիրներուն երազանքն էր ստեղծել կեդրոն մը, ուր իւրաքանչիւր երեխայ կրնայ սորվիլ, աճիլ եւ բացայայտել իր կարողութիւնները` սիրով, յարգանքով, արժանապատուութեամբ լեցուն միջավայրի մէջ, եւ 1987-ին այդ երազը դարձաւ իրականութիւն, որ մինչեւ այսօր կ՛ապրի:

Ան ըսաւ, որ այս կեդրոնը շուրջ չորս տասնամեակներ չէր գոյատեւեր, եթէ չունենար պատասխանատուներու, ուսուցիչներու, ընկերային ծառայողներու, բարերարներու եւ անձնակազմի հոգատարութիւնը: Անդրադառնալով «Զուարթնոց»-ի աշակերտներուն` ան յայտնեց, որ անոնցմէ իւրաքանչիւրը մեզի կը սորվեցնէ ունենալ` անվերապահ սէր, կամք, ուրախութիւն, քաջութիւն, երախտագիտութիւն եւ յոյս:

Այս առիթով Տէյիրմենճեան շնորհակալութիւն յայտնեց կեդրոնի տնօրէն Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանին. որ տարիներու ընթացքին եւ յատկապէս դժուար տարիներուն առաջնորդած է «Զուարթնոց» կեդրոնը` յաղթահարելով անթիւ մարտահրաւէրները եւ խոչընդոտները` անսասան վճռականութեամբ, կարեկցանքով եւ հաւատքով:

Ան հաստատեց, որ մենք պէտք է շարունակենք կառուցել համայնք մը, ուր ներառականութիւնը պարզապէս խօսք չէ, այլ` կեանքի ձեւ, ուր իւրաքանչիւր անհատ կը գնահատուի, կը յարգուի եւ հնարաւորութիւն կ՛ունենայ ներդրելու իր ներուժը:

Գեղարուեստական յայտագիրի երրորդ բաժինով «Զուարթնոց»-ի աշակերտները ներկայացուցին «Ստուերներէն դէպի լոյս» բնաբանով տխրութիւնն ու ուրախութիւնը ներկայացնող պարերը: Տխրութիւնը ներկայացուած էր տխրադէմ դիմակներով, մինչ ուրախութիւնը` գոյներու երանգներով եւ շողերով: «Զուարթնոց»-ի աշակերտները պարերուն եւ ներկայացումներուն մէջ իրենց կարելին եւ առաւելագոյնը ներդրած էին` ստեղծելով համաչափութիւն եւ զգացողութիւնները արտայայտելու դէմքի ու շարժուձեւերու արտայայտչական եղանակներ, ինչ որ արժանացաւ ներկաներու գնահատանքին:

Ապա խօսք առաւ «Զուարթնոց» կեդրոնի տնօրէն նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, որ յայտնեց, թէ իւրաքանչիւր երեխայ եւ երիտասարդ ունի կարողականութիւններ եւ ներուժ, եւ իւրաքանչիւրին անհատական կարիքները հասկնալով` պէտք է բացայայտել իւրաքանչիւրին ներուժը, զարգացնել հմտութիւնները եւ ապահովել համապատասխան կրթական-վերականգնողական միջավայր, որպէսզի կարենայ կառուցել ինքնավստահութիւն, հասնիլ առաւելագոյն անկախութեան եւ գործնապէս մասնակցիլ համայնքային կեանքին:

Ան նշեց, որ մեր աշակերտները պէտք է զգան, որ կը պատկանին մեր միջավայրին, ունին դերակատարութիւն, եւ որոնց դիմաց հասարակութեան դռները բաց են, ինչպէս բոլորին համար, ինչպէս որ Լիբանանի օրէնքով ամրագրուած է:

Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան շեշտեց, որ երեսփոխան Աֆրամին ներկայութիւնն ու աջակցութիւնը վստահութեան եւ հաւատքի ուղերձ է կեդրոնի գործի յաջողութեան: Ան ըսաւ, որ մասնագիտացած կրթութեան, հմտութիւններու զարգացման եւ ընկերային աջակցութեան մէջ տարիներու նուիրուած աշխատանքէն ետք, «Զուարթնոց»-ի խումբ մը աշակերտներ նախապատրաստական փուլէն պիտի անցնին արտադրողական նոր հանգրուան, եւ շնորհիւ «Զուարթնոց» կեդրոնի եւ INDEVCO-ի միջեւ համագործակցութեան` յառաջիկային անոնք հնարաւորութիւն պիտի ունենան մուտք գործելու նշեալ հաստատութեան գործի ասպարէզին մէջ: Նշեալ հաստատութիւնը կը հաւատայ աշակերտներու կարողութիւններուն եւ կը յարգէ անոնց ներուժը:

Ան աւելցուց, որ այս մէկը պարզապէս աշխատանքի հնարաւորութիւն չէ, այլ ուսումնական գրասեղանէն աշխատանքային սեղանի անցում է, որ արդիւնք է տարիներու քրտնաջան աշխատանքի, ընտանիքներու աջակցութեան եւ նուիրուած անձնակազմի հաւատքին:

Օհանեան-Գէորգեան շնորհակալութիւն յայտնեց` Լիբանանի հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան եւ «Զուարթնոց» կեդրոնի վարչութեան, կեդրոնի ուսուցիչներուն ու անձնակազմին, բարերարներուն եւ աջակցողներուն, եւ բոլոր անոնց, որոնք մարտահրաւէրները կը վերածեն հնարաւորութիւններու:

Աւարտին իր խօսքը ուղղելով «Զուարթնոց»-ի աշակերտներուն` ան ըսաւ. «Դո՛ւք այս ճանապարհորդութեան ամենագեղեցիկ պատմութիւնն էք: Դուք ապացոյցն էք, որ երազանքները կրնան դառնալ իրականութիւն, երբ կամքի ուժը կը միաւորուի»:

Տնօրէնութեան խօսքէն ետք ներկաները դիտեցին «Զուարթնոց» եւ «INDEVCO` կառուցել ներառական ապագայ» բնաբանով տեսերիզը:

Այս առիթով իր սրտի խօսքը արտասանեց պետական երեսփոխան Նաամեթ Աֆրամ, որ նշեց, թէ մեզմէ իւրաքանչիւրը, խօսքէն անդին, գործնապէս պէտք է բերէ իր մասնակցութիւնը` ստանձնելով պատասխանատուութեան իր բաժինը, որովհետեւ այս կեդրոնին գործը Աստուծոյ ծառայութեան աշխատանքին մաս կը կազմէ: Ան շեշտեց, որ այստեղ սէր ու գործ կայ, եւ գործակցութիւնը էական է` հասնելու յաջողութեան եւ նորանոր իրագործումներու:

Աֆրամ ըսաւ, որ իր ներկայութիւնը լոկ գործակցութեան համաձայնագիրի սահմաններուն մէջ կարելի չէ դիտարկել, այլ առիթ է բանալու ճանապարհ աշակերտներուն դիմաց, որպէսզի անոնք գործի ասպարէզ մուտք գործեն եւ ընկերութեան մէջ օղակներէն մէկը ըլլան` մասնակից դառնալով արտադրողականութեան եւ նուիրումին: Ան աւելցուց, որ մենք ունինք այնպիսի միջավայր մը, որ կը հաւատայ այս աշակերտներու կարողականութիւններուն, եւ իւրաքանչիւր անհատ իր դերն ու տեղը պէտք է ունենայ` պահելով իր արժանապատուութիւնն ու հասնելով իր կարիքներուն:

Երեսփոխանը շեշտեց, որ հայերը միշտ ալ Լիբանանի մէկ կարեւոր մասնիկը եղած են, եւ որոնք ընկերութեան մէջ ներդրած են իրենց քաղաքակրթութիւնը, կարողականութիւնները եւ գործերը, հաստատելով, որ հայերը ո՛ւր որ ալ գտնուած են, եղած են ստեղծագործող ու զարգացնող:

Յայտնենք, որ հանդէսին ընթացքին տեսերիզներով իրենց զգացումներուն մասին խօսքեր արտասանեցին դոկտ. Լարա Ալխաթիպ, Յասմիկ Նենեճեան-Պզտիկեան եւ դոկտ. Շաղիկ Խիւտավերտեան:

Հանդէսի աւարտին Լիբանանի հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան ատենապետ Ալին Տէյիրմենճեան եւ «Զուարթնոց» կեդրոնի տնօրէն Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան յուշանուէր մը յանձնեցին երեսփոխան Աֆրամին` առ ի գնահատանք անոր գործակցութեան եւ աջակցութեան:

Leave a Comment