Լիզպոնի Գործողութեան 43-Ամեակի Նշում – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Քարոզչական յանձնախումբին, կիրակի, 26 յուլիսի երեկոյեան, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ Լիզպոնի գործողութեան 43-ամեակի նշումը:

Նախ Լիզպոնի հինգի դամբարանին մօտ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն: Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք ձեռնարկը բացուեցաւ Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՅԴ-ի քայլերգներով: Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքը արտասանեց Վարանդ Կիրակոսեան: Ապա խումբ մը ԼԵՄ-ականներ ընթերցեցին Լիզպոնի հինգ տղոց կենսագրութիւնները:

Այնուհետեւ օրուան պատգամը փոխանցեց Գրիգոր Էքմեքճեան: Օրուան պատգամին յաջորդեց տեսերիզի ցուցադրութիւն: Աւարտին ՀՅԴ ԼԵՄ-ի նուագախումբը ներկայացուց փունջ մը ազգային-յեղափոխական երգեր: Ձեռնարկը փակուեցաւ «Վէրքերով լի» երգով:

Մանրամասնութիւններուն կ՛անդրադառնանք հետագային:

Leave a Comment