Իրան-Իրաք Համաձայնագիր Երկկողմ Համագործակցութեան Ընդլայնման Եւ Շրջանային Ճգնաժամերը Դիւանագիտութեան Միջոցով Լուծելու Յանձնառութեան Վերահաստատման Վերաբերեալ

Իրաքի եւ Իրանի իշխանութիւնները Իրաքի վարչապետ Ալի Զայտիի Թեհրան կատարած պաշտօնական այցելութեան աւարտին հրապարակեցին միացեալ յայտարարութիւն մը, թէ «Իրաքի վարչապետը եւ Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանը համաձայնութեան եկած են երկկողմ յարաբերութիւններու խորացման եւ երկու երկիրներուն միջեւ կապերու ամրապնդման ծիրին մէջ պատրաստելու եւ ձեւակերպելու Իրաքի եւ Իրանի միջեւ համագործակցութեան ընդլայնման ուղղուած համապարփակ եւ ռազմավարական փաստաթուղթ»:

Երկու կողմերը նշած են «իրենց տեսակէտներու մերձեցումը բազմաթիւ արդի մարտահրաւէրներու վերաբերեալ` երկկողմ եւ բազմակողմ խորհրդակցութիւններու շարունակութիւնը նկատելով անփոխարինելի անհրաժեշտութիւն շրջանին մէջ անվտանգութեան, կայունութեան եւ զարգացման պահպանման համար»:

Երկու կողմերը ընդգծեցին, որ «շրջանային ճգնաժամերը կրնան լուծուիլ միայն երկխօսութեան, դիւանագիտութեան եւ շրջանի երկիրներու կառուցողական մասնակցութեան միջոցով` հիմնուած պետութիւններու գերիշխանութեան նկատմամբ յարգանքի եւ օտարերկրեայ զինուորական կամ քաղաքական միջամտութիւններու մերժման վրայ: Այս ծիրին մէջ անոնք իրենց աջակցութիւնը արտայայտեցին միջազգային օրէնքի կանոններու վրայ հիմնուած քաղաքական եւ խաղաղ լուծումներուն` շրջանային ճգնաժամերուն վերջ տալու համար»:

Անոնք վերահաստատեցին իրենց «հաստատ եւ սկզբունքային դիրքորոշումը պաղեստինեան դատին նկատմամբ եւ իրենց աջակցութիւնը պաղեստինեան ժողովուրդին` իր լիարժէք օրինական իրաւունքները ստանալու եւ Երուսաղէմը իբրեւ մայրաքաղաք ունեցող Պաղեստինեան պետութեան ստեղծման ձգտումներուն հասնելու գործին մէջ»:

Leave a Comment