Այսօր գիշեր «Էն. Պի. Էյ.»-ի «Նէյսմեթ պասքեթպոլ հոլ աֆ ֆէյմ»-ը պատմութիւն պիտի կերտէ պատուելով 12 անգամ «Օլ Սթար»-ի մրցումի մասնակցած, երկու անգամ «Էմ. Վի. Փի.» ընտրուած, ինչպէս նաեւ ողիմպիական ոսկի մետալակիր եւ 4 անգամ «Էն. Պի. Էյ.»-ի ախոյեան եւ պատմութեան լաւագոյն կէտեր նշանակող Սթեֆ Քըրին:
75 տարուան պատմութեան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով մարզիկ մը, որ տակաւին կը մասնակցի «Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումներուն, պիտի պատուըւի` մաս կազմելով «Հոլ աֆ ֆէյմ»-ին:
38 տարեկան Քըրի, որ 3 կէտնոց կողովներու «թագաւորն» է, Ռէյ Էլընի մրցանիշը անցած էր 3 կէտնոց կողովներու թիւը հասցնելով 4.225 կողովներու, ինչպէս նաեւ ան ազատ հարուածներ նշանակելու բարձրագոյն համեմատութիւնը ունի` 91,2 տոկոս: