Յայտարարութիւններ ( Յուլիս 24 2026) – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

ՄԱՀԱԶԴ

Օրդ. Մարալ Ղոչախեան
Տէր եւ տիկին Ասպետ եւ Սիւզի Ղոչախեան եւ զաւակները` Լէոն եւ Արմանտ (Մոնրէալ)
Տիկին Արփի Շահինեան (Փարիզ)
Տէր եւ տիկին Լեւոն, Վարանդ, Վիգէն Պաղտասարեաններ եւ ընտանիքները (Փարիզ)
Տէր եւ տիկին Նուպար Չէօրեքճեան եւ ընտանիք (Միացեալ Նահանգներ)
Տիկին Սեդա Չէօրեքճեան եւ ընտանիք
Տիկին Սոնա Թաշեան եւ ընտանիք
Տիկին Ալիս Պախթիարեան եւ ընտանիք (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Յարութ, Սուրէն, Արմինէ Ղոչախեան-Մխճեան եւ ընտանիքները
Ղոչախեան եւ Չէօրեքճեան ընտանիքներ
Հալաճեան եւ Պաղտասարեան ընտանիքներ
Ճամպուլեան եւ Թէմպէլեան ընտանիքներ
Էլմաճեան եւ Յովհաննէսեան ընտանիքներ
Սիրականեան եւ Պախթիարեան ընտանիքներ
Թաշճեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, մօրաքրոջ եւ հարազատին`

ՀԵՐՄԻՆԷ ՂՈՉԱԽԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՉԷՕՐԵՔՃԵԱՆ)

մահը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 18 յուլիս 2026-ին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի շաբաթ, 25 յուլիսին, կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին թաղումէն առաջ եւ ետք, կէսօրուան ժամը 12:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:

————————————–

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

ՅԱԿՈԲ ՍԱՀԱԿ ԽԱՐԲՈՒԹԼԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 26 յուլիս 2026-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

————————————–

Կ՛ՈՒԶՈՒԻ

Վարպետ ոսկերիչ (սէտէքէր) եւ Մաթրիքսի վրայ աշխատող Պաշտօնեայ: Դիմել` հեռ. 01-268478 կամ 03-207772 թիւերուն:

————————————–

365 ՕՐԵՐԷՆ ՕՐ ՄԸ` ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ

Աբրահամ եւ Սիւզան Նաճարեաններ կը ստանձնեն 2 օրուան ճաշը իրենց մօր` հանգուցեալ Թագուհի Մահսերեճեան-Նաճարեանի մահուան քառասունքին առիթով:
26 եւ 27 յուլիս 2026

 

 

Leave a Comment