ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինօ բուռն քննադատութեան կ՛ենթարկուի իր որոշումներուն պատճառով:
Արդարեւ, 2026-ի Մոնտիալը աւարտելէն առաջ իսկ ան յայտարարած էր, թէ կ՛ուզէ 2030-ի Մոնտիալին 64 խումբերու իրաւունք տալ մասնակցելու:
Սկիզբը այս խօսքը դրական արձագանգ ունեցած էր մանաւանդ Հարաւային Ամերիկայի եւ Ափրիկէի երկիրներու ներկայացուցիչներուն մօտ, սակայն հետզհետէ դէմ սկսած էին արտայայտուիլ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի նախագահն ու այլ եւրոպական երկիրներու ներկայացուցիչներ:
«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի նախագահ Ալեքսանտր Չեֆերին արդէն իսկ ՖԻՖԱ-ի հետ լուրջ հարցեր ունեցած էր ըստ իրեն «աններելի» սխալներ գործելուն պատճառով, եւ այդ գծով ալ ներկայ չէր գտնուած Մոնտիալի աւարտական մրցումին, ուր Սպանիա 1-0 արդիւնքով յաղթած էր Արժանթինին:
«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի սլովենիացի նախագահը խստօրէն դատապարտած էր ՖԻՖԱ-ի «տկար» կեցուածքը, երբ ներում տրուած էր ամերիկացի յառաջապահ Ֆոլարին Պալոկունի կարմիր քարտին համար, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփի միջամտութեամբ:
Ան յայտարարած էր. «Երբ օրէնքները չեն գործադրուիր իրենց պատասխանատու մարմիններուն կողմէ, ֆութպոլի արդարութիւնը կասկածի տակ կ՛առնուի»:
Ան նոյնիսկ դէմ գտնուած էր Ճիաննի Ինֆանթինոյի կարգ մը որոշումներուն, ինչպէս` կիսախաղերուն «շօ» կատարելը, բան մը, որ տեղի պիտի չունենայ «Չեմփիընզ լիկ»-ի կամ Եուրոյի մրցումներու կիսախաղերուն:
Յիշեցնելով, որ Մոնտիալի աւարտականի կիսախաղին, Մատոնա, Պի. Թի. Էս., Շաքիրա եւ Ճասթըն Պիպըր ելոյթ ունեցած էին 15 վայրկեանի դադարը երկարելով մինչեւ 27 վայրկեանի:
«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն նոյնիսկ դէմ է մասնակից խումբերուն թիւը անգամ մը եւս աւելցնելու:
Աւելի՛ն. իրաւարար Օմար Արթան, որ Միացեալ Նահանգներ մտնելու արտօնագիր չէր ստացած Մոնտիալի ազդանշանէն առաջ, ինք պիտի ղեկավարէ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի գերբաժակի մրցումը Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ Ասթոն Վիլայի միջեւ, որ տեղի պիտի ունենայ 12 օգոստոսին: Սոմալիցի իրաւարարը կը նկատուէր այժմու լաւագոյն իրաւարարներէն մէկը, բայց Ինֆանթինոյի «կակուղ» կեցուածքին պատճառով ան ենթարկուած էր Թրամփի որոշումին:
«Եու. Է. Էֆ. Ա.» նոյնիսկ պիտի չորդեգրէ ՎԱՐ-ի միջամտութիւնը, երբ մարզիկ մը ֆաուլ շահելու համար իյնալով կարմիր քարտ ստանայ: Մոնտիալին զուիցերիացի Պրիլ Էմպոլօ, այդ ձեւով վտարուած էր դաշտէն, երբ թաքըլէ մը խոյս տալու պահուն ինկած էր գետին:
Մարզիկներ, որոնք իրենց բերանները գոց կը խօսին իրարու հետ նոյն ձեւով կարմիր քարտ պիտի չստանան «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի հովանաւորած մրցումներուն:
Ինֆանթինօ, որ յառաջիկայ տարի պիտի փորձէ ՖԻՖԱ-ի ընտրութիւնները ապահովել, սկսած էր աշխատիլ այդ գծով` խոստանալով յաւելեալ թեկնածուներ Ափրիկէէն եւ Հարաւային Ամերիկայէն:
2030-ի մոնտիալը, որ տեղի պիտի ունենայ 6 երկիրներու մէջ, հիմնականօրէն պիտի կատարուի 3 գլխաւոր երկիրներու մէջ` Մարոք, Սպանիա եւ Փորթուգալ, բայց ՖԻՖԱ-ն որոշած էր ներառեալ Ուրուկուէյը, Արժանթինն ու Փարակուէյը` նկատի ունենալով, որ Մոնտիալի հարիւրամեակն է, եւ պէտք էր առաջին հիւրընկալ երկիրը` Ուրուկուէյը (1930), ինչպէս նաեւ Արժանթինն ու Փարակուէյը մէկական մրցում (բացման մրցումին կողքին) հիւրընկալեն:
Այս ձեւով 6 երկիրներն ալ պաշտօնապէս Մոնտիալի զտումի մրցումներուն պիտի չմասնակցին: