Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց. «Այն, ինչ որ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջեւ վեհաժողովի ընթացքին Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցաւ, ամերիկեան ընդհանուր խօսքեր են եւ առանց երաշխիքներու խոստումներէ աւելի չեն, առանց վերատեղակայման որեւէ ժամանակացոյցի ճշդումի եւ առանց որեւէ յառաջընթացի կամ որեւէ ձեռքբերումի արձանագրման են»: Ան այս մասին յայտնեց «Սփութնիք»-ի հետ զրոյցի ընթացքին:
«Թրամփի սուրիական կողմին Լիբանանի մէջ միջամտելու կոչը լիբանանեան գերիշխանութեան ոտնահարում է, առանց որ Լիբանանի նախագահին կամ Լիբանանի մէջ գերիշխանութեան ջատագովներուն կողմէ որեւէ մեկնաբանութեան արժանանայ», ըսաւ երեսփոխանը:
«Իսրայէլեան հեռացումը, որուն մասին կը խօսուի, արդէն ազատագրուած շրջանէն է, որովհետեւ թշնամիի բանակը Զաութարի մուտքերուն կը գտնուէր եւ ոչ թէ Զաութարի սրտին մէջ», նշեց ան:
Անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու նախագահի Հըզպալլայի հետ խօսելու կարելիութեան ակնարկին` Հաժ Հասան շեշտեց. «Մեր վրայ յարձակում գործողին, մեր հողերն ու տուները աւերողին եւ ժողովուրդը սպաննողին հետ խօսակցութիւն չկայ»:
«Լիբանանեան բանակի զինման նիւթը Հըզպալլայի՞, թէ՞ Իսրայէլի դիմակայման ծիրին մէջ կ՛արծարծուի», հարց տուաւ երեսփոխանը: