Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ գումարեց ժողով մը` մասնակցութեամբ Հարաւի խորհուրդի նախագահ Հաշեմ Հայտարի, Օգնութեան բարձրագոյն յանձնախումբի ընդհանուր քարտուղար գնդապետ-զօրավար Պասսամ Նապուլսիի եւ վարչապետարանին մէջ արտակարգ դրութեան միաւորի վարչութեան պետ Զահի Շահինի: Ժողովի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ բնակիչներու հարաւային Լիբանան` իրենց գիւղեր ու քաղաքներ վերադարձը դիւրացնելու գործնական քայլերուն:
Սալամ ըսաւ, թէ չորեքշաբթի օր Զաութար Ղարպիէ իր այցելութեան նպատակը հարաւային Լիբանանի բնակչութեան վստահեցնելն էր, թէ պետութիւնը հողի վերատիրացումով պիտի չբաւարարուի, այլ իրենց հետ եւ իրենց պիտի վերադառնայ` նախ եւ առաջ բանակի տեղակայումով ու ապահովութեան տարածումով, ապա շարունակելով աշխատանքը վերաբանալու ճամբաները, վերցնելու աւերակները, վերականգնելու հիմնական ծառայութիւնները եւ ապահովելու արժանապատիւ վերադարձի, ժամանակաւոր ու փոխանցման շրջանի բնակութեան պայմանները:
Վարչապետը վստահեցուց, թէ հարաւային Լիբանանի բնակիչները ներկայ փուլին առանձին պիտի չըլլան, որովհետեւ պետութեան նախարարութիւնները, հաստատութիւնները եւ յանձնախումբերը զօրակոչի ենթարկուած են այս առաքելութիւնը կատարելու, եւ պետութիւնը իր բոլոր կարելիութիւններով ներկայ պիտի ըլլայ վերադարձի եւ շտապ վերականգնման հոլովոյթը սկսելու: