Քնեսեթի Իսկական Դերը Ներկայ Խաղին Մէջ

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

6 յուլիս 2026 թուակիր իմ յօդուածով («Ռէալփոլիթիքը Իր Իսկական դիմագծով») հարցականի տակ կ՛առնէի Քնեսեթի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան փաստի ճանաչման հաւանականութիւնը եւ ճանաչման վերաբերեալ իսրայէլեան կառավարութեան վերջին նախաձեռնութիւնները կը կապէի վարչապետ Նեթանիահուի մարտավարական դիտաւորութիւններուն, առնչուա՛ծ` թուրքեւիսրայէլեան ներկայ առճակատման:

Այսօր, Քնեսեթի յանկարծական շրջադարձէն ետք, համաշխարհային մամուլը հրապարակը ողողած է մէկ նոր խօսոյթով: Մեզի կ՛ըսուի, թէ Քնեսեթի գործողութիւնը փուլ եկաւ Պաքուի ճնշման որպէս հետեւանք… Պարզ խօսքով, Քնեսեթի ղեկավարները պատրաստ էին ճանաչման բանաձեւը տանելու քուէարկութեան, երբ յանկարծ իրենք զիրենք գտան Ալիեւի փոթորկալի միջամտութեան առջեւ եւ ստիպուած` տեղի տուին… Բա՛ն մը, որ շատ հեռու է ներկայ քաղաքականութեան տրամաբանութենէն եւ առհասարակ իսրայէլեան քաղաքականութեան պատմական փորձի նորմերէն:

Ես կը կարծեմ, թէ յիշեալ այս խօսոյթը չի համապատասխաներ իրականութեան եւ կոչուած է ապակողմնորոշելու համաշխարհային կարծիքը:

Ալիեւի տրամադրութիւնները Հայոց ցեղասպանութեան հարցի վերաբերմամբ երբեք գաղտնիք չեն եղած վարչապետ Նեթանիահուին: Ընդհակառակը, անոնք եղած են լիովին նախատեսելի: Միամտութիւն է կարծել, թէ իսրայէլեան կողմը անակնկալի բերուած պիտի ըլլայ Ալիեւի կողմէ: Ընդհակառակը, կարելի է նոյնիսկ պնդել, որ Ալիեւի «հակազդեցութիւնը» մաս կը կազմէր Նեթանիահուի բեմադրութեան: Չմոռնա՛լ, որ Նեթանիահու, իր կարգին, երբեք տրամադիր չէ եղած Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման դուռը լրջօրէն բանալու: Մենք ընդամէնը գործ ունինք անճահ խաղի մը հետ, որ կը խաղացուի ցեղասպաններու ակումբին մէջ ամէնէն կոշտ խաղականոններով:

Խաղին առաջին փուլը նկարագրուած է յուլիս 6-ի իմ յօդուածիս մէջ: Վարկաբեկե՛լ Էրտողանը` թիրախաւորելով Թուրքիոյ աքիլլէսեան կրունկները տարածաշրջանին մէջ եւ գործի դնելով Հայոց ցեղասպանութեան զգայուն թեման: Պէտք է ըսել, որ այս փուլը լիովին արդիւնաւորուեցաւ ի նպաստ Իսրայէլի: Նեթանիահու կրցաւ խառնել խաղաքարտերը տարածաշրջանին մէջ` առանց նաեւ զոհելու Ցեղասպանութեան ճանաչման իր խաղաքարտը: Խաղին երկրորդ փուլը թուրք հանրային կարծիքին առջեւ Ալիեւը հերոսացնելն էր (ի հեճուկս Էրտողանի)` ցոյց տալով միաժամանակ, որ Նեթանիահու ի վիճակի է մտնելու թուրքեւազրպէյճանական քաղաքականութեան ներքին ոլորտէն ներս` կարենալով խախտել ներթրքական հաւասարակշռութիւնները:

Միաժամանակ Նեթանիահու քաջ գիտէ, որ իր ապագայ դաշնակիցը կրկին Թուրքիան է ըլլալու (Թուրքիան զայն ուզէ, թէ չուզէ…), հետեւաբար ան պէտք ունի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը «արթուն» պահելու` որպէս գրաւական ապագայի յարաբերութիւններու: Այս առումով, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը մեծ կենսականութիւն ունի Նեթանիահուի զինանոցին համար: Կենսականութի՛ւն` ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԿՈՂՄԷ ՃԱՆԱՉՈՒՄ ՉՍՏԱՑԱԾ ԸԼԼԱԼՈՒ ԻՐ ՀԱՆԳԱՄԱՆՔՈՎ ՄԻԱՅՆ… Եւ կարեւոր է, որ մեղքը բարդուի Քնեսեթի՛ վզին` հարցը հեռու պահելով գործադիր իշխանութեան ոլորտէն… Չմոռնալ, որ Քնեսեթի վրայ հզօր ուժ ունի Նեթանիահու, որ հնարաւորութիւն կ՛ընծայէ իրեն հարցը խաղարկելու Քնեսեթի դաշտէն ներս եւ հարցը հոն պահելու: Արդիւնքը այն է, որ խաղը կը գործէ բացառիկ ճշգրտութեամբ` ներկայ առճակատման մէջ առաւելութիւնը լիովին վերապահելով Նեթանիահուի:

Իրականութիւնը այն է, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարցն ալ (այլ հարցերու կարգին) արդէն վաղուց մաս կը կազմէ այն զինանոցին, որմով կը կռուին աշխարհակարգի ուժերը իրենց հիպրիտային պատերազմներով: Երբեք պէտք չէ զարմանալ, որ իրերու բարդ հոլովոյթին մէջ նոյնինքն Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը յառաջիկային ուզեն իրենք եւս մանրադրամի վերածել Ցեղասպանութեան ճանաչման քաղաքականութիւնը: Իրե՛նք եւս գործածեն զայն ի նպաստ իրենց մարտավարական շահերուն: Երբե՛ք չզարմանալ: Ոչ միայն չզարմանալ, այլեւ` պատրա՛ստ ըլլալ անհեթեթի այս թատրոնը գրագիտութեան բարձր մակարդակով եւ ուժականութեամբ դիմագրաւելու:

21 յուլիս 2026
Ուաշինկթըն

Leave a Comment