Իրանի Վրայ 11-րդ Գիշերն Ըլլալով Ամերիկեան Յարձակումներ

Ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարութիւնը յայտնեց, որ ամերիկեան բանակը աւարտած է Իրանի վրայ 11-րդ իրերայաջորդ գիշերն ըլլալով յարձակումը, որուն ընթացքին թիրախաւորած է իրանեան զինուորական ու գումակային կեդրոններ, օդանաւերու պահման վայրեր եւ անօդաչու թռչող սարքերու պահեստանոցներ:

Իրանեան բանակը իր կարգին յայտարարեց, թէ թիրախաւորած է Քուէյթի, Պահրէյնի եւ Յորդանանի մէջ ամերիկեան բանակի ռազմակայանները:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ յայտնեց, որ իր երկիրը որեւէ պետութեան աշխարհի վրայ ծովային միջանցքներու վերահսկողութիւնը պիտի չընդունի` շեշտելով, որ իր երկիրը կը շարունակէ նաւարկումի ազատութիւնը պաշտպանել եւ դէմ կանգնիլ նաւերուն դէմ որեւէ սպառնալիքի:

Ռուպիօ ըսաւ, որ իրանցի պաշտօնատարներ Միացեալ Նահանգներու հետ կապ հաստատած են` փորձելով ներկայ մագլցումին շուրջ բանակցիլ, սակայն նշեց, որ Ուաշինկթըն տակաւին այս բանակցութիւններուն օգտակարութեան կը կասկածի, որովհետեւ իրանեան կողմը իր նախկին խոստումները չյարգեց:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը շեշտեց, որ իր երկիրը, նաւերն ու միջազգային նաւարկութեան պաշտպանութիւնը շարունակելուն զուգահեռ տակաւին Իրանի հետ բանակցութեան նկատմամբ դրական կերպով տրամադրուած է:

«Կ՛ուզենք Իրանի հետ հասնիլ դիւանագիտական լուծումի մը, որ հիւլէական զէնք չունենալը կ՛երաշխաւորէ», նշեց ան:

«Ջրային միջազգային միջանցքներու շրջափակումը չափազանց վտանգաւոր նախադէպ մըն է, որ կրնայ Ասիոյ մէջ կրկնուիլ», շեշտեց ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը:

 

Leave a Comment