Փաշինեանն Ու Մերցը Անդրադարձած Են Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Հաստատուած «Խաղաղութեան»

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերցի հետ: Անոնք անդրադարձած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ հաստատուած «խաղաղութեան»` ընդգծելով շրջանին մէջ կայուն եւ տեւական խաղաղութեան կարեւորութիւնը:

Անոնք միտքեր փոխանակած են շրջանային եւ միջազգային օրակարգի արդիական հարցերու շուրջ:

Փաշինեանը եւ Մերցը անդրադարձած են Հայաստանի եւ Գերմանիոյ միջեւ երկկողմանի համագործակցութեան հետեւողական զարգացման, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Եւրոպական միութիւն գործընկերութեան հետագայ խորացման հեռանկարներուն:

Leave a Comment