Պըրրի. «Աունի Եւ Թրամփի Միջեւ Հանդիպումէն Ետք Կարեւորը Զինադադարի Հաստատումն Է»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ հիմա Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ նախագահ Ժոզեֆ Աունի միջեւ Ուաշինկթընի մէջ հանդիպումէն ետք կարեւորը «իրողական գետնի վրայ արդիւնքներն են, եւ ոչ թէ միայն այն ձեւը, որով երեւան եկաւ»:

Այս հանդիպումէն ետք կարեւորը զինադադարը ամրապնդելն ու հեռացումներն են, բան մը, որ մինչեւ հիմա տեղի չունեցաւ», ըսաւ Պըրրի` նշելով. «Երկուշաբթի օր Զաութար Ղարպիէ գիւղէն հեռացումը հազիւ թէ հեռացում նկատուի, որովհետեւ գիւղը շատ փոքր է եւ ամբողջովին գրաւուած չէր, ինչպէս նաեւ տուներու, քաղաքային թաղամասերու եւ ենթակառոյցներու ոճրային ականահարումներն ու բռնագրաւուած գիւղերու մերձակայքին մէջ ժողովուրդին վրայ յարձակումները կը շարունակուին»:

Ան նշեց, որ այս վեհաժողովի յաջողութիւնը քայլերու իրագործման ճամբով պիտի ըլլայ` աւելցնելով. «Նախապէս ըսի` ձեռքբերումներ արձանագրեցէք եւ զանոնք աչքս մտցուցէք… բան մը, որ տակաւին տեղի չունեցաւ»:

«Շարք Աուսաթ» Պըրրիին հարցուցած է իր տպաւորութեան մասին Միացեալ Նահանգներու նախագահի այն խօսքին վերաբերեալ, թէ Պըրրին ուղիին պիտի միանայ, երբ տեսնէ այն յառաջընթացը, որ համաձայնութիւնը կ՛արձանագրէ: Խորհրդարանի նախագահը ծիծաղելով օրաթերթին ըսած է. «Կը թուի, թէ Թրամփ զիս լիբանանցիներէն աւելի կը հասկնայ»:

 

 

Leave a Comment