Արեւմտեան դիւանագիտական աղբիւրներ «Սուրիա» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարի ներկայութեամբ Սուրիոյ եւ Լիբանանի միջեւ սահմանային կարգ մը հատուածներու մէջ սուրիական կողմին սահմանափակ դեր վստահելու վերաբերեալ դաշտային առաջարկներ քննարկած է` Հըզպալլայի գործունէութիւնը սահմանափակելու եւ երկու երկիրներուն միջեւ սահմանային շրջաններուն մէջ զայն զինաթափելու, մասնաւորաբար թիրախահար հրթիռներն ու անօդաչու թռչող սարքերը խլելու նպատակը հետապնդելով:
Դիւանագիտական աղբիւրները նշած են, որ Լիբանանի նախագահը յստակ կերպով մերժած է լիբանանեան հողերուն մէջ սուրիական դաշտային որեւէ դերի վերաբերեալ առաջարկը եւ իր ամերիկացի պաշտօնակիցին յայտնած, որ իր եւ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի միջեւ գոյութիւն ունի փոխըմբռնում, որ հիմնուած է երկու պետութիւններէն որեւէ մէկուն միւսին ներքին հարցերուն չմիջամտելու սկզբունքին վրայ:
Աուն նաեւ նշած է, որ լիբանանեան հողերուն վրայ որեւէ սուրիական տեղակայում կամ միջամտութիւն քաղաքական հակառակ արդիւնքը պիտի տայ, որովհետեւ Հըզպալլային առիթ պիտի ընծայէ ամրապնդելու իր ներքին հռետորաբանութիւնը, որ հիմնուած է «արտաքին միջամտութեան» դիմակայման վրայ, եւ կրնայ պատճառ դառնալ, որ կուսակցութիւնը վերականգնէ Լիբանանի կարգ մը բաղադրիչ մասերուն մէջ իր նկատմամբ կարեկցանքը:
Աղբիւրները նշած են, որ Աուն Թրամփին ներկայացուցած է այլ մօտեցում մը, որ իր կարծիքով աւելի արդիւնաւէտ է Հըզպալլան տկարացնելու համար: Այս մօտեցումը կ՛ենթադրէ իսրայէլեան ուժերու Լիբանանի բռնագրաւուած տարածքներէն հեռացման աւարտը, ինչ որ պիտի ամրապնդէ Լիբանանի պետութեան ու բանակի օրինականութիւնը եւ նուազեցնէ Հըզպալլայի կողմէ իր զէնքը պահելու համար օգտագործուող արդարացումները:
Լիբանանի նախագահը պնդած է, որ Սուրիոյ կողմէ որեւէ զինուորական ներկայութիւն պիտի խաթարէ այս մօտեցումը եւ Հըզպալլային Լիբանանի մէջ պիտի տայ լրացուցիչ քաղաքական լծակներ:
Աղբիւրները յայտնած են, որ Թրամփ նախագահ Աունին կոչ ուղղած է` յառաջիկայ փուլին Դամասկոս այցելելու, Շարհի հետ երկու երկիրներուն միջեւ սահմանային անվտանգութեան վերաբերեալ աւելի ընդարձակ փոխըմբռնումներ գոյացնելու նպատակով:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը նաեւ նախագահ Աունը քաջալերած է օգտուելու կայունութեան աջակցութեան եւ անվտանգութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան ամրապնդման, ինչպէս նաեւ մաքսանենգութեան եւ զէնքի տեղաշարժը սահմանափակելու համար Լիբանան-Սուրիա սահմանը վերահսկելու մեքանիզմներու մշակման գործին մէջ թրքական դերէն:
Աղբիւրները բացատրած են, որ բանակցութիւններուն մէջ քննարկուած տեսլականը հիմնուած է անվտանգութեան համակարգման ամրապնդման եւ սահմաններու երկու կողմէն վերահսկողութեան վրայ` առանց որ ատիկա նշանակէ սուրիական ուժերու Լիբանանի տարածքին մէջ ներգրաւում:
Դիւանագիտական աղբիւրները շեշտած են, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի նախաձեռնութիւնը չէ սահմանափակուած ապահովական դասաւորումներով, այլ նաեւ վերաբերած է տնտեսական հարցերով Լիբանան-Սուրիա աւելի ընդարձակ համակարգման ուղի սկսելու անհրաժեշտութեան: Աղբիւրներուն համաձայն, այդ հարցերուն կարեւորագոյններն են ուժանիւթային եւ կազային նախագիծերը, որոնց Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը կ՛աշխատի Սուրիոյ մէջ աջակցիլ` ամերիկեան ընկերութիւններու հետ համագործակցութեամբ:
Թրամփ յայտնած է այն կարծիքը, թէ սահմաններու կայունութիւնն ու Պէյրութի եւ Դամասկոսի միջեւ համակարգումի մեքանիզմներու արդիականացումը հիմնական նախապայման են այդ ներդրումները յաջողցնելու եւ ապագայ ենթակառոյցները պաշտպանելու:
Արեւմտեան դիւանագիտական աղբիւրները աւելցուցած են, որ ամերիկեան պատկերացումը կը ներառէ Սուրիոյ եւ Լիբանանի միջեւ տնտեսական աստիճանական փոխլրացման ճամբան բանալ` ապահովական դասաւորումներու գործադրութեան, սահմաններու վերահսկողութեան մեքանիզմներու արդիականացման եւ երկու երկիրներուն միջեւ մաքսանենգման գործողութիւններու եւ զէնքերու տեղափոխման սահմանափակման զուգահեռ: