Ամերիկեան Աղբիւր Մը «Հատաս»-ին. «Նախագահ Աուն Թրամփին Հըզպալլայի Զինաթափման Ծրագիր Մը Ներկայացուց»

Ամերիկեան աղբիւր մը «Հատաս» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Թրամփին Հըզպալլայի զինաթափման եւ բանակի լիազօրութիւններու ամրապնդման պաշտօնական ծրագիր մը ներկայացուց»:

«Աունի Թրամփին ներկայացուցած օրագիրը կը խօսի Լիբանանի մէջ բոլոր զէնքերը պետութեան վերահսկողութեան տակ դնելու մասին», նշեց աղբիւրը:

Ամերիկեան աղբիւրը նաեւ յայտնեց. «Նախագահ Աունի Թրամփին ներկայացուցած ծրագիրը Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ շրջագծային համաձայնութեան գործադրութեան ճամբու քարտէս է»:

 

Leave a Comment