Ռայի Պատրիարք. «Կը Յուսանք, Որ Աունի Ամերիկա Այցելութիւնը Լիբանանին Բարիք Բերէ»

Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ պատրիարքական ամարանոցին մէջ Թրիփոլիի մարոնիական թեմէն պատուիրակութիւն մը ընդունելով շեշտեց. «Էլիաս Հուէյեք պատրիարքի երանացումը Լիբանանին համար պատմական փուլ մըն է, որովհետեւ ան սրբութիւնն ու ազգային տեսլականը միաւորած է եւ Մեծն Լիբանանի արժէքներու մեծագոյն պաշտպաններէն մէկն էր, ուստի եւ արժանի դարձաւ եկեղեցիի եւ հայրենիքի ծառայութեան իտէալի վերածուելուն»:

Պատրիարքը կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի Միացեալ Նահանգներու այցելութեան առիթով աղօթելու` յոյս յայտնելով, որ այդ այցելութեան «արդիւնքները Լիբանանին ու անոր ժողովուրդին բարիք կը բերեն եւ կը նպաստեն կայունութեան ամրապնդման, ինչպէս նաեւ պետութեան ու անոր հաստատութիւններուն նկատմամբ վստահութեան վերականգնման»:

«Լիբանանը, հակառակ իր դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, յոյսի հայրենիքը պիտի մնայ, եւ անոր սուրբերն ու երանելիները, որոնց գլուխին երանելի Հուէյեքը, կը շարունակեն անոր առաքելութեան ու ապագային համար իրենց բարեխօսութիւնը», յայտնեց Ռայի պատրիարքը:

Leave a Comment