Իսրայէլեան բանակի բանբեր Էլլա Ուաուիէ յայտնեց. «Քաղաքական իշխանութեան ցուցմունքին հիմամբ, այսօր ընթացք առաւ գործադրութիւնը հարաւային Լիբանանի մէջ «անվտանգ գօտի» խորագիրով փորձնական նախագիծի մը` գործակցութեամբ ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարութեան եւ լիբանանեան բանակին»:
«Փորձնական ծրագիրի ծիրին մէջ, պաշտպանութեան բանակի, Միացեալ Նահանգներու բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարութեան եւ լիբանանեան բանակի խումբերը համաձայնութեան գործադրութիւնը շարունակելու համար համակարգման գործողութիւններ ու ծրագրաւորում կը կատարեն», նշեց ան:
«Իսրայէլեան բանակը ուժեղ կերպով պիտի գործէ համաձայնութեան որեւէ խախտումի դէմ», աւելցուց իսրայէլեան բանակի բանբերը: